
Հիմնահարցերէն՝ Էականները
Գէորգ Պետիկեան
Այս լայն-բարակ տողերովս կ’ուզեմ արտայայտել այն տագնապս, որ ներկայիս մտքիս մէջ դարձեալ պար բռնած է: Նախ ըսեմ, որ թէեւ այս օրերուն կեանք ըսուածն ալ արդէն սկսած է անհաւասար հոսիլ եւ միաժամանակ կորսնցնել իր շրջագիծը, միւս կողմէ պատմութիւնն ալ իր ընթացքը առանց դադարի շարունակելով, ամէն օր նոր մը կը հիւսէ: Մերկ են մարդոց մտքերը եւ չեն վարժուած նման ցնցումի եւ անդիմադրելի հարուածի: Որովհետեւ յիշեցնեմ, որ ամիսներէ ի վեր «շնորհիւ» քորոնա ժահրի ներկայութեան, աշխարհը փոխուած է ու նոր բոլորովին անծանօթ հունի մը մէջ մտած: Անդին, նոյնիսկ արեւն ալ չունի նախկին իր հմայքը: Մարդիկ տուներէն ներս կամաւոր ամփոփուած, ինքնամեկուսացած իրենց համար հեռախօսը, հեռատեսիլն ու համակարգիչը՝ զիրար միաւորող միակ անմիջական կամուրջը դարձուցած են: Զանազան արժէքներ սկսած են կորսուիլ: Մէկ խօսքով, տեսակ մը անժամանակ քաոս:
Արդ, իբրեւ երկար տարիներու կրթական մշակ-ուսուցիչ, ծուռ ու շիտակ այս մտածումներուս հետ հաւատքս ալ զիս շատ հեռուները սկսած է տանիլ:
Այլ խօսքով, բոլորին նման ես ալ սկսած եմ հարց տալ, թէ այս ընթացքով մենք ո՞ւր պիտի հասնինք: Տուն, ընտանիք, զաւակ, թոռնիկ: Անդին նաեւ ի՞նչ պիտի ըլլան մեր ընկերային եւ տակաւին՝ գաղութային կառոյցները: Դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, միութիւն, հայ կեդրոն:
Եկուր եւ որոնէ կեանքի այս նոր խորհուրդը:
Բայց անկեղծօրէն, ամէնէն մտահոգիչներէն են հայ դպրոցն ու հազարաւոր մեր նոր սերունդ-աշակերտներու իրավիճակը:
Մեր մեծերէն լսած ենք, որ մենք՝ երազ ունեցող ազգ ենք եւ մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է, ջուրին ու բնութեան նման եւ նոյնիսկ մեր ճակատագիրը՝ մեր պատմութիւնը: Եւ պատիւ մեզի՝ տոկացած ենք: Սակայն այս «տոկալը» առանց ոգիի եւ ապրելու կամքին անկարելի է ունենալ: Ու ներկայ այս յուսահատ վիճակին մէջ՝ ոգի՞…: Բայց ինչպէ՞ս գտնել այդ ոգին: Ինչպէ՞ս զայն ունենալ եւ ցանկալ: Ուստի կը կածեմ նախապայման է շուտով կատարել մեր ներկայ կեանքի վերագնահատումը, որպէսզի ծրագրենք նոր ժամանակներու հայութիւնը:
Եւ որովհետեւ այս օրերուն դպրոցները փակ են, յանկարծ առցանց տարբերակը կու գայ շրջանցելու իր հասկացողութիւնը: Ահա քեզի ժամանակի ու միջավայրի պայմաններու նոր միջոցառում: Տեսակ մը՝ փրկութիւն: Միջոց՝ ուսումնական իրավիճակը շարունակ եւ արթուն պահելու:
-Ի՜նչ լաւ լուծում. կ’ըսենք առաջին իսկ հերթին, տուն «մնացող», ինքնամեկուսացուած հա՛յ աշակերտը կապել հա՛յ գիրքին, հա՛յ գիրին, հայերէն դասին եւ դասագիրքին, գիտութեան, եւ ինչու չէ նաեւ իր մայրենիին:
Շատերուն համար նոյնիսկ քաջ եւ կայտառ ու եթէ կ’ուզէք լուսաւոր կէտ մըն է ալ այս միջոցառումը, որպէսզի հայ մատղաշ եւ պատանիի ուղեղը անտէր հայելի չդառնայ: Եթէ կ’ուզէք, մեր այս «նոր» կեանքը թեւաւորող նոր միջոց: Վերջ ի վերջոյ, ապրիլ եւ ապրեցնել: Վերաշինել եւ ինչու չէ նաեւ վերապատրաստել աշակերտին մտքի տունը, կառոյցը, արթուն պահելով անոր հայու ոգին, որպէսզի չկորսնցնէ գիտակցութիւնն ու ինքնութիւնը, մինչեւ այս «փոթորիկին» հանդարտումը:
Ուրեմն հայ աշակերտին յատուկ առցանց հրամցուելիք ծրագիրը, առաջին իսկ հերթին պարզ ուսում ջամբելու կողքին, պէտք է որ ըլլայ հայօրէն ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու գաղտնիքի բանալին ալ:
Եւ որովհետեւ մեր համրանքի փրկութիւնը առնչուած է մեր լեզուին, ուստի էական է, որ լրջօրէն ու պատշաճ մտածումով պատրաստուած այս ծրագիրը, ըլլայ պարզ եւ մաքուր, շիտակ եւ ճիշդ մեր մայրենիով: Այսպէս՝ վարժութիւններու եւ լեզուին հետ կապուած զանազան գիտելիքներու եւ «բանալիներու» կողքին, հարկ է ժամանցային եւ ոչ ձանրձրացու-ցիչ ու հաճելի գրութիւն-պատմուածքներուն մէջէն ուղղութիւններ ցոյց տուող ուղղեցոյցով մը մօտենալ: Ճանչնալ տալ, կամ յիշեցնել մեր վաստակաշատ գրողներն ու անոնց ստեղծագոր-ծութիւնները, իբրեւ ճաշակ, հակիրճ, նոյնիսկ ամփոփ տողերով եւ բացատրութիւններով:
Ու այս բոլորը կրնանք իրականացնել, անշուշտ եթէ ունենանք առողջ եւ երկար տարիներու համար ծրագրուած ռազմավարութիւն, որպէսզի վերջը զղջում չունենանք: Որովհետեւ անհրաժեշտ է, տունը նստած հայ աշակերտին դրական մօտենալ, առանձին չձգել: Ոգեւորել: Թէեւ նոյն այդ աշակերտը, առցանցի նման նոր միջոցովը, սեւով ճերմակ իր համակարգիչի պաստառին վրայ պիտի չհանդիպի իր դասատուիի կամ ուսուցիչի տաք շունչին, անոր փայ-լուն խօսքերուն, անոր ոգեւորող միտքերուն, պիտի չապրի հայ դպրոցի տաքուկ մթնոլորտը, բայց եւ այնպէս վերջապէս, դրական որդեգրում մը ըլլալէ չի դադրիր: Բայց. ինչպէ՞ս կորովը բարձր պահել հայու ոգիին հետ: Անկասկած, որ մտային աշխատանքները ձեւով մը պիտի կարենան պահել լեզուն եւ գիտակցութիւնը, բայց անհրաժեշտ է մանաւանդ պահել ենթակային ազգային ինքնագիտակցութիւնը, որպէսզի ան մնայ ուխտապահ մարդոց հաւաքականութեան մէկ մասնիկը:
Ուրեմն, հայ ինքնութեան պահպանումի ի խնդիր, պայման է ներշնչել սէրն ու լեզուին գործածութեան վարժութիւնը, այդ ըլլայ գրաւոր կամ բերանացի, հարազատօրէն եւ հասկնալի, առանց բարդութեան փոխանցումի, որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի:
Բոլորս ալ մեծով-պզտիկով չենք ուզեր հաց-պանիր հայերէնով, ինչպէս ժամանակին սովոր էր ըսել, գոհանալ: Չենք ուզեր, որ հայերէնը «հինցած» հագուստի նմանի: Այսինքն՝ հոսանքին դէմ ընթանալ՝ որպէսզի պղպջակ չդառնանք, բոլորս ալ: Որպէսզի մէկ թեւով «չթռչինք»:
Գիտենք, որ ժամանակը բոլորիս համար ալ քմահաճ է: Անողոք եւ անզիջող:
Սակայն եւ այնպէս կարեւորն ու էականը նման մտածումները իրենց խորքով բանալն է: Թող տան մէջ հայերէն գիրքն ու լրագիրը ներկայութիւն ապրին: Ու հայ ծնողքը իր մեծ դեր ու կողմնորոշումը ունի նման ծրագրի իրականացման աշխատանքներուն մէջ: Մօտէն հետեւիլ եւ թելադրել:
Նոր իրականութիւն մըն է, որ կը սաւառնի մեր կեանքի հորիզոնին վրայ եւ կը վախնամ մտածելէ:
Ինչպէ՞ս պահել կեանքի ջերմութեան աստիճանը: Ահա կենսականը: Չմոռնանք, որ կեանքը, իբրեւ հաւաքական ապրում, մեզի համար ազգային է: Ուստի պայման է, մեր կեանքի գոյութեան պայքարը մղել առնական թափով, որովհետեւ ստիպուած ենք սերունդներու մասին առաւել լուրջ՝ մտածել, միեւնոյն ժամանակ սէր ու հաւատք եւ գուրգուրանք տալով, յայտնելով հանդէպ ազգային արժէքներու:
Արդ, եթէ լուծում մը կ՚ուզենք կամ կը փնտռենք, նախ եւ ամէնէն առաջ մեզի կ՚իյնայ դուրս գալ այս մեր ներկայի մակերեսէն։ Խօսքէն գործի անցնիլ: Որովհետեւ բոլորին նման ես ալ կ’ուզեմ տեսնել նոր հայը: Եթէ գտնենք, հաւատացէ՛ք, մեր երազին յաղթած կ’ըլլանք:
Մնացեալը դուք գիտէ՛ք: