ՀՀ Նախկին Երեք Նախագահները Պիտի Հրաւիրուին Անկախութեան Տօնակատարութեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, «Ազատութեան» թղթակիցին յայտնեց, որ Հայաստանի  նախկին երեք նախագահները՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան պիտի հրաւիրուին մասնակցելու Անկախութեան տօնակատարութեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրը՝ Սեպտեմբեր 21-ին, մայրաքաղաքի մէջ ծրագրուած են շարք մը ձեռնարկներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի օրը ամբողջ hանրապետութիւնը պիտի ապրի տօնին խորհուրդը: Կառավարութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ, որ այդ օրը վերածուի իրական տօնի ամբողջ Հայաստանի տարածքին: