Արցախի Մէջ Արտակարգ Իրավիճակի Ժամկէտը Երկարաձգուած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 11-ին ստորագրած է հրամանագիր Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2020 թուականի Ապրիլ 12-ին յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգելու եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2020 թուականի Ապրիլ 12-ի հրամանագրին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Հաշուի առնելով, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան հետեւանքով յառաջացած արտակարգ իրավիճակը կը շարունակէ սպառնալ բնակչութեան կեանքին եւ առողջութեան եւ կրնայ յանգեցնել անձերու կենսագործունէութեան բնականոն պայմաններու խախտման` երկարաձգուած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ  Ապրիլ 12-էն մինչեւ Մայիս 12-ը յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը 30 օրով` մինչեւ 2020-ի Յունիս 11-ը, ժամը 22:00 ներառեալ: