
Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ Հակառակորդը Արձակեց 60 Միլլիմեթրնոց Ականանետեր
Արցախեան-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան (Մարտունի) հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական յառաջապահ դիրքերուն ուղղութեամբ Ապրիլ
29-ին, կէսօրէն ետք ժամը 15:00-ի եւ 17:25-ի շուրջ, հակառակորդը արձակեց 60 միլլիմեթրնոց ականանետեր:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ միջադէպին իբրեւ արդիւնք Արցախի ստորաբաժանումները որեւէ կորուստ չեն կրած:
Հայկական ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշուեցաւ:
«Հարկ կը համարենք նշել, որ ասիկա 2019-ի Յունիսէն ի վեր ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ականանետային զինատեսակի կիրառման առաջին դէպքն է: Միաժանակ աւելցնենք, որ օրուան ընթացքին սահմանի տարբեր հատուածներու վրայ հրադադարը խախտելու դէպքեր արձանագրուած են նաեւ հրաձգային այլ զինատեսակներէն:
«Այս պահի դրութեամբ առաջնային գիծի վրայ իրավիճակը հանգիստ է: ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները լկը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը»,- հաղորդեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: