
Կոմիտասի Նուիրուած «Նուագ»ի Ալպոմը Պիտի Հրապարակուի Ապրիլ 24-ին
Պատանի եւ երիտասարդ երաժիշտներ քաջալերող եւ անոնց նեցուկ կանգնող բարեսիրական «Նուագ» հիմնարկի նորագոյն արտադրութիւնը նուիրուած է Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններուն։ «Ասպարէզ»-ի տեղեկութիւններով՝ «Չեմ Կրնայ Խաղալ» խորագրուած եւ հինգ երգեր ընդգրկող ալպոմը պիտի հրապարակուի Ապրիլ 24-ին։
«Նուագ» հիմնարկը 2016-ին հիմնուած է Թամար Գաբրիէլեանի կողմէ եւ ցարդ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ աջակցութեան ձեռք երկարած է առաւել քան 1000 երիտասարդ երաժիշտներու։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.nvak.org կայքը։