Ընդդէմ Նորօրեայ Ոճրագործներու…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Պսակաձեւ ժահրին հետեւանքները դարմանելու, բայց մասնաւորաբար նոր ալիքներ կանխարգիլելու համար, գիտական աշխարհը վստահաբար անդուլ աշխատանք կը տանի եւ պիտի տանի երկար: Սա չի նշանակեր, որ օրէնսգէտներ եւ իրաւական հարցերու մասնագէտներ հիմա պէտք է անգործ նստին, այլ պէտք է իրենք զիրեն կոչեն այլապէս փրկարար առաքելութեան:

Յստակ է, վէճ չի վերցներ, որ այս համաճարակը հակակշիռի տակ բերուելէն ետք, աշխարհը պիտի ըլլայ բաւական տարբեր, այնպէս՝ ինչպէս տարբեր աշխարհներ ստեղծուեցան Ա. Եւ Բ. Աշխարհամարտերէն, շրջանային տագնապներէ, տնտեսական մէկէ աւելի տագնապներէ, 9/11էն ետք: Ստեղծուած պայմաններէն ծնունդ առին նոր օրէնքներ: Հիմա, նոր օրէնքներու մշակման հրամայական մը կը ստեղծուի այս համաճարակին լոյսին տակ:

Առաջին հերթին, անհատ պետութիւններու թէ միջազգային մարմիններու մակարդակներուն վրայ, պէտք է վերամշակել ոճրային օրէնքները, որպէսզի նոր տուեալներու հիմամբ՝ կարելի ըլլայ հետապնդել, պատասխանատուութեան կանչել եւ ըստ գործուած յանցանքին՝ պատիժի ենթարկել նորօրեայ ոճրագործները, որոնք կը բաժնուին քանի մը դասակարգի:

Թուենք մէկ քանին:

Իբրեւ ոճրագործ պէտք է դատել ու դատապարտել պետական այն (ան)պատասխանատուները, որոնք, հասարակ մահկանացուներէն շա՜տ առաջ ահազանգերը լսելով հանդերձ՝ անհրաժեշտ կանխամիջոցները ՉՊԱՐՏԱԴՐԵՑԻՆ զանգուածներուն, պատճառ եղան, որ համաճարակը տարածուի անսանձ, յետոյ ալ սկսան քաւութեան նոխազներ փնտռել հոս-հոն, ծածկելու համար իրենց ոճրային անտարբերութիւնը: Ասոնք պէտք է արձանագրուին ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐ գործողներու ցանկին:

Այս ցանկը պէտք է օժտել «յաւելուած»ով մը եւ հոն արձանագրել բոլոր անոնք՝ որոնք կ’անտեսեն գիտութեան մարդոց եւ իմաստուն բժիշկներուն յորդորները եւ շուտիկութեան մրցումի ելած են «շուկաներն ու գործատուները վերաբանալու» նպատակով, իբրեւ թէ կեանքը բնականոն ընթացքի վերադարձնելու հոգածութեամբ: Եթէ որոշ շրջանի կամ երկրի մէջ կարելի է եղած սանձել եւ արգիլել վարակին յաւելեալ տարածումը, ատիկա չի նշանակեր, որ բնականոն կեանքի վերադարձի քայլերը կրնան իրականանալ նաեւ վարակին տիրապերութեան տակ մնացող գօտիներու մէջ, «անխտրականութեան» խեղաթիւրեալ տրամաբանութեամբ:

Պետական մարդոց կողքին, իբրեւ ոճրագործ պէտք է հետապնդել ու դատել բոլոր այն անհատները, որոնք անտեսեցին եւ մինչեւ այսօր ալ կ’արհամարհեն զգուշաւորութեան կոչերը, նախ չվարակուելու, ապա նաեւ ուրիշներ վարակելու հարկադրանքը: Եթէ հիմնաւորումի կուտ մ’իսկ չկայ այն «տրամաբանութեան» մէջ, որ շրջագայութեան կրճատումը, հաւաքավայրերէ հեռու պահուիլն ու նման կանխամիջոցներ անհատի ազատութիւններու կաշկանդում-ոտնակոխում են (չխօսինք կրօնական գաղափարներ այլանդակօրէն մեկնաբանողներու մասին), ապա ինչպէ՞ս կարելի է ոճրագործ չդասել անոնք, որոնք անփութութան ու անզգուշութեան հետեւանքով ուրիշներու վարակուելուն, մինչեւ իսկ մահուան պատճառ կ’ըլլան: Ճիշդ է, որ կարգ մը երկիրներու մէջ տուգանքներ կը սահմանուին նման անփոյթներու դէմ, սակայն անոնք պիտի մնան կիսատ, եթէ օրէնքներու վերադասաւորումը չգտնէ համաշխարհային տարածք, անտեսէ այն իրականութիւնը, որ վարակը տեղէ տեղ փոխադրուելու համար անցարգել չի ճանչնար, անցագիրի պէտք չունի: Յանցաւոր գտնուողներուն համար, պէտք է սահմանել ամէնէն ծանր պատիժները:

Նման պահանջ դնելը դաժանութի՞ւն է: Վստահաբար ո՛չ: Որովհետեւ, ի՞նչ է տարբերութիւնը այս յանցապարտներուն եւ այլ տեսակի ոճրագործներուն՝ ահաբեկիչներու, մարդասպան աւազակներու, կին-ամուսին-զաւակ սպաննողներու, ինքնաշարժով մարդ սպաննողներու եւ տակաւին՝ պատերազմներ հրահրելով ու անմեղներ ռմբակոծելով՝ մահ սփռողներուն միջեւ…

Միւս կողմէ, պէտք է նորաձեւ մրցանակներ կամ պատուոյ մետալներ նուիրել բոլոր անոնց, որոնք իրենց բնական պարտականութիւնը լիովին կատարելէ քանի մը քայլ անդին անցնելով՝ մարդասիրական արարքներ կը կատարեն: Սրտառուչ չէ՞ միթէ նախաձեռնութիւնը այն կազմակերպութեանց եւ մինչեւ իսկ թաղային խմբակցութիւններու, որոնք սննդանիւթ եւ այլ կենսանիւթեր կը հասցնեն տուներու մէջ «բանտարկեալ»-ներու, շարժունակութենէ զրկուած տարեցներու եւ օրապահիկէ զրկուած աշխատաւորներու: Ասոր համար օրէնքներու վերամշակման կարիք չկայ…