Քիմիական Բնագիտութեան Հիմնարկը Նոր Սերունդի Ախտահանիչ Մշակած է

Հայաստան

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) Նալբանդեանի անուան քիմիական ֆիզիկայի ինստիտուտ (բնագիտութեան հիմնարկը-ԵՌԳ․) նոր սերունդի` քլոր չպարունակող եւ գործօն թթուածինի հիմքով ախտահանիչ մշակուած է:

ԳԱԱ-էն կը յայտնեն, որ մատչելի եւ բնապահպանական նպատակային պայմաններուն բաւարարող «Բիօքսիլ-2» ախտահանիչի արտադրութեան արհեստագիտութիւնը մշակած է ակադեմիկոս Լեւոն Թաւադեանի ղեկավարած խումբը: 

 Մէկ օրուան մէջ մէկ թոն ախտահանիչի արտադրութիւնը արդէն կը կազմակերպուի հիմնարկի փորձնական արտադրամասին մէջ: Ախտահանիչը անցած է անհրաժեշտ փորձարկումներ առողջապահութեան նախարարութեան «ախտահանման կեդրոն»ին եւ «Տուբերկուլոզի դէմ պայքարի ազգային կեդրոն»ին մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի սնունդ արտադրող ձեռնարկութիւններու մէջ: 

 Փորձարկումներու արդիւնքով հաստատուած է ախտահանիչի բարձր արդիւնաւէտութիւնը, իսկ «Ստանդարտներու ազգային ինստիտուտ»-ի մէջ հաստատուած են տեխնիկական պայմանները Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին մէջ` Քիմիական ֆիզիկայի ինստիտուտը իր միջոցներով արտադրած է 1 թոն ախտահանիչ միջոց, որ անհատոյց տրամադրած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան: 

 Հիմնարկը պատրաստ է իրականացնել «Բիօքսիլ-2» ախտահանիչի մեծածաւալ արտադրութիւն: