Քոնկրեսական Սփիր Կը Զօրակցի «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Հայաստանին Յաւելեալ Նպաստ Տրամադրելու Կոչին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ճեքի Սփիր իր զօրակցութիւնը յայտնած է  «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար Հայաստանին առնուազն 25 միլիոն տոլարի յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն տրամադրելու Հայ Դատի դիմումին։

Քոնկրեսականը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած համացանցային քննարկումի մը ընթացքին։

Քննարկումէն մաս մը կարելի է դիտել https://youtu.be/RU3Q40NoEl0 կայքէջին վրայ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին դիմումը կատարուած էր 3 Ապրիլին, ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանի կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի յղուած նամակով մը։