
Աւագ Շաբթուան Մեկնարկ. Աւագ Շաբաթը՝ Հոգիներու Լուացման Առիթ
Պատրաստեց ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն
իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փառք յաւիտեանս. Ամէն»։
Յարութեան շրջանի ժամամուտ
Քրիստոնեայ եկեղեցին առհասարակ եւ ի մասնաւորի հայ եկեղեցին չորս օրեր առաջ՝ Մեծ պահքի շրջանի աւարտին, Ծաղկազարդի տօնէն ետք թեւակոխեց քրիստոնէական կեանքի ամէնէն խորհրդաւոր եւ սուրբ շաբաթը, զոր մեր եկեղեցւոյ հայրերը զայն կոչած են Աւագ Շաբաթ: Արդ, այս շաբթուան ընթացքին եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին դէպքերը, ինչպէս՝ Աւագ երկուշաբթի օր յիշատակ արարչագործութեան եւ անպտուղ թզենիի առակին միջոցով Քրիստոս կը սորվեցնէ անպտուղ չըլլալ եւ ճիշդ ժամանակին մեր կեանքի պտուղը Տիրոջ ներկայացնել: Աւագ երեքշաբթի՝ յիշատակ տասը կուսանաց, որով Քրիստոս կը թելադրէ մեր հաւատքի ճրագները վառ պահել, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ գալուստի օրը կամ ժամը: Աւագ չորեքշաբթի՝ յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ Մարիամի կողմէ Յիսուսի գլխուն եւ ոտքերուն օծման, որ կը յորդորէ բոլորին չնմանելու Յուդային եւ չմատնելու մեր եղբայրը դրամի փոխարէն, այլ Մարիամի նման մեր վարքով ու օրինակով եւ հաւատքի իւղով անուշցնելու մեր նմաններուն կեանքերը: Աւագ հինգշաբթին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Աւագ շաբթուան մէջ, որովհետեւ այդ օր կը կատարուին Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին դէպքերը՝ Ս. Հաղորդութեան հաստատումը, Ոտնլուան, Խաւարման կամ Լացի գիշեր (մատնութիւն եւ ձերբակալութիւն): Ս. Հաղորդութեան խորհուրդով Քրիստոս նոր ուխտ մը կը հաստատէ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, Ոտնլուայի արարողութեամբ Քրիստոս սիրոյ ու խոնարհութեան գերագոյն օրինակը տուաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, իսկ խաւարման կամ «Լացի գիշեր»-ը Քրիստոսի հետ Գողգոթա բարձրանալու յանձնառութիւն է, որ Քրիստոս յանձն առաւ սիրով կրելու մեր մեղքերը քաւելու համար: Աւագ ուրբաթը սուրբ օր է եւ իր մէջ կ’ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները: Այս օրուան խորհուրդը կը թելադրէ քրիստոնեաներուս ապրելու այնպէս, որ մեր գործած մեղքերով չխոցենք արդէն խոցուած Քրիստոսի սիրտը: Աւագ շաբաթ ճրագալոյց է Քրիստոսի յարութեան: Հոգեւոր ցնծութիւնը կը պատէ բոլորին հոգիները եւ յոյսի ու յարութեան աւետիս կու տայ եկեղեցին, որովհետեւ Յիսուս խորտակած է դժոխքի դռները, իր մահով մահուան յաղթած է եւ իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւած: Կիրակի օր Յիսուսի յարութեան յիշատակի տօնը Տէրունի տօներուն գլխաւորագոյնն է: Քրիստոնեաներուն հաւատքը հիմնուած է Քրիստոսի յարութեան ճշմարտացիութեան վրայ: Տօնին առիթով կազմակերպուած հաւկթախաղերը նոր կեանքի եւ տօնական իմաստ ունին: Գրիգոր Տաթեւացի հաւկիթը կարմիր ներկելու մասին հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Հաւկիթը կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհը, դուրսի կեղեւը կը ներկայացնէ երկինքը, մէջի բարակ թափանցիկ մաշկը՝ օդը, ճերմկուցը՝ ջուրը, իսկ դեղինը մեր երկիրը: Հաւկիթը կարմիր ներկելը կը նշանակէ, թէ ամբողջ աշխարհը գնուած է Քրիստոսի սրբարար արիւնով: Երբ մենք կարմիր հաւկիթ կ’առնենք մեր ձեռքը կը նշանակէ, որ մենք Քրիստոսով կը հռչակենք մեր փրկութիւնը»:
Թող Ս. Յարութեան եւ Զատկուան տօները իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգին կերպարանափոխէ եւ իր կեանքը զարդարէ խոնարհութեամբ, ողորմածութեամբ, ներողամտութեամբ եւ իրերօգնութեամբ:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ:
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:Share This Article