Ատրպէյճանը Նախիջեւանի Կողմէն Գնդակոծած է Հայաստանի Տարածքը
Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, Սեպտեմբեր 15-ի երեկոյեան, գնդակոծած են Հայաստանի տարածքը՝ Արենի գիւղի շրջան։ Հակառակորդին կրակակէտերը ճնշուած են պատասխան գործողութիւններով: Այս մասին, ըստ «Sputnik Արմէնիա»-ի, յայտնած է Հայաստանի ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Իրավիճակը նման է Տաւուշի մէջ տեղի ունեցածին. կրակոցները աւելի քիչ եղած են: Կրակած են հրաձգային զէնքէ, բայց, ի տարբերութիւն Տաւուշի, այնտեղ գնդակները մինչեւ գիւղ չեն հասնիր»,- ըսած է Յովհաննիսեան:
Անոր խօսքով՝ սահմանին մօտ գիւղացիներուն պատկանող այգիներ կան: Ինչպէս Տաւուշի մարզին մէջ՝ կէտերը, որոնցմէ հակառակորդը կրակ արձակած է, ճնշուած են:
Նշենք, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը, Սեպտեմբեր 15-ին, կրակած էին Տաւուշի մարզի Կոթի գիւղին ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական կրակոցներէն վիրաւորուած էր Կոթիի 60-ամեայ բնակիչ Սուրէն Սեփխանեան:
Ան տեղափոխուած էր Նոյեմբերեանի բժշկական կեդրոն, վիճակը բարուոք է:
Սեպտեմբեր 14-ին ալ ատրպէյճանական զինուած ուժերը գնդակոծած էին ՀՀ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղի բնակելի տուներն ու մանկապարտէզի շէնքը։ Մինչ այդ՝ ատրպէյճանցիները գնդակոծութիւններու ենթացկած էին նաեւ մարզի սահմանամերձ Վազաշէն, Բաղանիս եւ Կոթի գիւղերն ու ճանապարհները։
