Տաւուշի Հատուածին Անցնող Գիշեր Դարձեալ Կրակոցներ Եղած են, Սակայն Նախորդ Օրերուն Համեմատ Աւելի Քիչ. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին վրայ, Սեպտեմբեր 16 լոյս 17-ին կրկին կրակոցներ եղած են, սակայն նախորդ օրերուն համեմատ՝ աւելի քիչ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Կրակոցները համեմատաբար քիչ եղած են, մեր կողմէն պատասխանը եղած է մասամբ: Ներկայիս իրավիճակը հանգիստ է, կորուստներ չունինք»,- ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն Ատրպէյճան կրակ բացած է Տաւուշի Բաղանիս, Կոթի գիւղերուն ուղղութեամբ: Սեպտեմբեր 15-ին ալ, Ատրպէյճան հրաձգային զէնքերով կրակ բացած է Արենի գիւղին ուղղութեամբ: