
Մայրութեան Աւետարան
-Ազգերու ճակատագիրը պէտք է փնտռել մայրերու ափերուն մէջ:
-Հայրենիքը կը ծնի մայրերու կուրծքէն, սէրէն, արցունքներէն եւ անոնց որդիներու թափած արիւնէն:
-Միայն հայ մայրը կրնայ անշէջ պահել հայրենապաշտութեան տաճարի սրբազան կրակը:
-Հայ կինը աւելի հերոսուհի, քան թախծութեան մայր պէտք է ըլլայ:
-Միայն հայ մայրը կրնայ արթնցնել թմրած առիւծը իր ժողովուրդին մէջ:
-Հերոս որդիներ, յաղթութեան դափնիներ, անկախ Հայրենիք – այս ամէնը սպասէք միայն հայրենասէր մօրմէն:
-Ամէն մէկ ժողովուրդի բարքերը, գովելի, թէ` պարսաւելի, կախուած են միայն անոր մայրերէն։
-Պիտի ունենանք առիւծածին մայրեր, որոնց արիական որդիները պիտի դառնան հայրենիքի ոգեղէն պաշտպաններ:
-Իրենց որդիներով ճանչցէք ու գնահատեցէք մայրերը: