Բակօ Սահակեան Ապրիլեան Պատերազմի 4-րդ Տարելիցի Առիթով Այցելած է Թալիշ եւ Ծաղկեպսակ Դրած Գիւղի Յուշահամալիրին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 2-ին այցելած է Թալիշ գիւղ եւ Ապրիլեան պատերազմի 4-րդ տարելիցի առիթով ծաղկեպսակ դրած գիւղի յուշահամալիրին, կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ վարչութիւնը:
Նոյն օրը Սահակեան Թալիշի մէջ խորհրդակցութիւն
ունեցած է Պաշտպանութեան բանակի
բարձրագոյն հրամանատարական կազմի
հետ` պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:
խորհրդակցութեան քննարկուած են բանակաշինութեան եւ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձրացման
հետ կապուած հարցեր: