Բակօ Սահակեան Ապրիլեան Պատերազմի 4-րդ Տարելիցի Առիթով Այցելած է Թալիշ եւ Ծաղկեպսակ Դրած Գիւղի Յուշահամալիրին

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 2-ին այցելած է Թալիշ գիւղ եւ Ապրիլեան պատերազմի 4-րդ տարելիցի առիթով ծաղկեպսակ դրած գիւղի յուշահամալիրին, կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ վարչութիւնը:

Նոյն օրը Սահակեան Թալիշի մէջ խորհրդակցութիւն ունեցած է Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի հետ` պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:

խորհրդակցութեան քննարկուած են բանակաշինութեան եւ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձրացման հետ կապուած հարցեր: