ՀՀ Նախագահը Ստորագրած է Վարակակիրներուն Հետ Շփում Ունեցողները Գտնելու Համար Հեռախօսազանգերուն Հետեւելու Օրէնքը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած «Արտակարգ դրութեան իրաւական վարչաձեւի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» եւ «Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքները․ օրէնքով կը նախատեսուի հետեւիլ հեռախօսազանգերուն՝ գտնելու համար «քորոնա» ժահրով վարակուածներուն հետ շփում ունեցողները, տեղորոշելու անոնց տեղադիրքն ու տեղաշարժը։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի աշխստակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

«Աշխարհի մէջ համաճարակի տեսքով մարդկութեան մարտահրաւէր նետուած է, եւ իւրաքանչիւր պետութիւն կը ձգտի հնարաւոր եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցները կեանքի կոչելու՝ համաճարակի յետագայ տարածումը սեղմ ժամկէտներու մէջ կանխարգիլելու եւ մարդկային բազմաթիւ կեանքեր փրկելու ուղղութեամբ։

Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ, Սահմանադրութեամբ ամրագրուած մարդու առանձին հիմնարար ազատութիւններու եւ իրաւունքներու ժամանակաւոր սահմանափակումը անխուսափելի է: Անիկա կը բխի ինչպէս հանրային շահէն, այնպէս ալ իւրաքանչիւրի բարձրագոյն մարդկային իրաւունքի՝ մարդու կեանքի եւ առողջութեան պահպանման անհրաժեշտութենէն։

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը ստանձնած է անհրաժեշտ քայլերու նախաձեռնութիւնը եւ պատասխանատու է անոնց իրաւաչափ իրականացման համար՝ ապաւինելով իւրաքանչիւրիս ողջախոհութեան։

Այս բարդ իրավիճակին մէջ կարեւոր է բոլորիս համախմբումը, աջակցութիւնը պատկան մարմիններուն: Կառավարութիւնը իր կողմէն պարտաւոր է դրսեւորելու բացառիկ հետեւողականութիւն, որպէսզի նախատեսուող սահմանափակումները կեանքի կոչուին՝ չյանգեցնելով Սահմանադրութեամբ ամրագրուած մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու անհարկի միջամտութեան։

Հանրապետութեան նախագահը ստորագրած է Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած «Արտակարգ դրութեան իրաւական վարչաձեւի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» եւ «Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքները։

Թէեւ օրէնքները կը նախատեսեն մարդու իրաւունքներու զգալի սահմանափակումներ, նախագահը ստորագրած է զանոնք՝ հաշուի առնելով, որ այդ սահմանափակումները Կառավարութեան կողմէն պէտք է կիրառուին իբրեւ բացառիկ միջոցներ եւ բացառապէս արտակարգ դրութեան ժամանակահատուածին:

Ուստի եւ օրէնքներու կիրառման գլխաւոր նախապայմանը, եւ միակ նպատակը պէտք է ըլլայ մարդկային կեանքի փրկութիւնը եւ հանրային առողջութեան պահպանումը։

Անձնական տուեալներու պաշտպանութեան, մասնաւոր եւ ընտանեկան կեանքի անձեռնմխելիութեան, հաղորդակցութեան ազատութեան եւ գաղտնիութեան իրաւունքներու սահմանափակումները իրաւասու մարմիններուն կողմէ պէտք է կիրառուին միմիայն վերը նշուած նպատակները ապահովելու համար եւ ամենայն պատասխանատւութեամբ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։