
Գանատայհայութիւնը Պիտի Յաղթահարէ «Քորոնա» (COVID-19) Ժահրը
Արիս Պապիկեան
Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի անդամ
Սքարպորօ-էյճինքորթ
Գանատայի մէջ «Քորոնա» Novel Coronavirus (COVID-19) ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 249-ի եւ մէկ մահ (March 15), որոնցմէ 101-ը Օնթարիօ նահանգին մէջ է։ Առ այդ, Գանատայի եւ Օնթարիօ նահանգի կառավարութիւնները յայտարարեցին, բոլոր հանրային հաւաքները պիտի չեղեալ նկատուի եթէ 250 անձէ աւելի է։
Յաշուի առնելով շարք մը «Քորոնա» (COVID-19) ժահրի տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ համաճարակային վտանգները՝ Գանատայի խորհրդարանը դադրեցուցած է աշխատանքը մինչեւ 20 Ապրիլ։
Յիշենք, Գանատայի կառավարութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ մնան հանդարտ եւ հետեւին առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ սահմանափակեն իրենց ճամբորդութիենները: Միւս կողմէ, Օնթարոյի Կրթութեան նախարարը յայտարարեց, որ կրթական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան մինչեւ 5 Ապրիլ 2020։
Իսկ 14 Մարտ 2020-ին, Քէպէք նահանքը արտակարգ դրութիւն յայտարարեց նոր «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Կը նշուի նաեւ, որ Գանատայի բոլոր Հայկական կրթական հաստատութիւնները նմանպէս փակ պիտի մնան մինչեւ 5 Ապրիլ 2020։ Կարգ մը Հայ Առաքելական եկեղեցիներ՝ սկսեալ 15 Մարտ 2020-էն՝ բոլոր եկեղեցական արարողութիւնները պիտի իրականացնեն ԴՌՆՓԱԿ։ Մեր հայորդիները կրնան հետեւիլ արարողութեանց՝ ՈՒՂԻՂ ՍՓՌՈՒՄՈՎ (live streaming, հետեւելով Facebook –էջերուն) ։
Պէտք է աւելցնել, այլ Հայ առաքելական եկեղեցիները իրենց սովորական պատարագը պիտի շարունակեն։ Եկեղեցին իրեն հաւատացեալներուն խորհուրդ կու տայ՝ եկեղեցի յաճախելէն զանց մնան այն անձերը, որոնք վերջին 14 օրուան ընթացքին վերադարձած են օտարերկրեայ ճանապարհորդութենէ մը։ Խորհուրդ կու տան բոլոր անոնց, որոնք ճանապարհորդեր են՝ նախքան եկեղեցի գալը, սպասեն առնուազն 14 օր, թեկուզ եւ անոնք հարբուխի նման ախտանիշներ չունին։ Յաւելուածաբար, Խորհուրդ կու տան եկեղեցի յաճախելէն զանց մնայ իւրաքանձիւր անձ, որ հարբուխի նման ախտանիշներ ունի։
Գանատահայ բոլոր կազմակերպութիւնները որոշում կայացուցին յետաձգել հանրային նախաձեռնութիւնները եւ ձեռնարկները։ Բարեբախտաբար Հայ գաղութէն ներս ոչ մէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուած վիճակ գոյութիւն ունի։
Դաշնային եւ նահանգային կառավարութիւնները մօտէն կը հետեւին այս համաճարակի զարգացման եւ նիւթական օժանդակութիւններ յայթայթած են առողջապահական համակարգերուն, երէցներուն խնամք տանող հաստատութիւններուն եւ բոլոր այն անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք նիւթական կարիք պիտի ունենան իրենց առօրեան շարունակելու համար։
Լիայոյս եմ, որ Գանատահայ համայնքը նուազ կորուստներով պիտի յաղթահարէ այս ժամանակաւոր տագնապը։