Համբերութեամբ Դիմագրաւենք Ամէն Տեսակի Դժուարութիւնները. Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Սփիւռք

Այս օրերուն ողջ աշխարհը բռնուած է պսակաւոր ժահրի պատճառած համաճարակ հիւանդութեամբ։ Չինաստանէն ծայր առած, արագաւազ նժոյգի նման, կ՝արշաւէ, ամէն տեղ ահ ու սարսափ տարածելով. պետութիւններն ու միջազգային կազմակերպութիւնները ի տես եւ ի լուր այս նոր տեսակ Աժդահակի՝ հնարաւոր ամէն միջոցի կը դիմեն անոր առթող վնասը նուազագոյնի իջեցնելու։

Ի շարս տասնեակ երկիրներու՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը եւս անմասն չէ այս Աժդահակ հիւանդութենէն, որուն հետեւանքով հազարաւորներ վարակուած են եւ հարիւրաւորներ ալ մահացած։ Միջազգային լրատուամիջոցները ուղղակի եւ անուղղակի ահազանգ կը հնչեցնեն եւ կը թելադրեն, կը յորդորեն բոլորը՝ նախազգուշական միջոցներու դիմելու ինքնապաշտպանութեան համար։

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութիւնն ու պատկան պատասխանատու կառոյցներն ու այրերը իրենց գերագոյնը ի գործ կը դնեն որպէսզի կարենան ոչ միայն առաջքը առնել այս հիւանդութեան տարածման, այլ մանաւանդ որքան հնարաւոր է բուժումը վարակուածները իրագործելու։
Իրանահայ համայնքը եւս՝ Թեհրանի, Սպահանի, Թաւրիզի եւ Ուրմիոյի մէջ իր ղեկավարութեան առաջնորդութեամբ՝ կ՝աշխատի իր հաւատացեալները հեռու պահել այս հիւանդութենէն։

Թեհրանի մէջ մեր ազգային իշխանութիւնը՝ Պատգամաւորական Ժողովի դիւանը, Թեմական Խորհուրդը իր բոլոր օժանդակ կառոյցներով գործի լծուած է այս ուղղութեամբ, որպէսզի կարենայ առաջքը առնել այս հիւանդութեան եւ մեր ժողովուրդը զերծ պահել անկէ։ Սակայն մարդ ենք եւ որեւէ մէկ վայրկեան կրնայ մեզմէ ոեւէ մէկը վարակուիլ, հետեւաբար պատասխանատւութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ պէտք է գործել։

Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Դոկտ. Կարէն Խանլարեան շնորհակալ արշաւով մը ժողովուրդը լուսաբանեց եւ անհրաժեշտ բացատրութիւններով զգաստութեան հրաւիրեց։ Թեմական Խորհուրդը Բժշկական Միութեան պատրաստած պրոշիւռը տպեց եւ բաժնեց եւ կեանքի կոչեց յատուկ շտապ. Իրան-Հայաստան առեւտուրի պալատի նախագահ՝ Տիար Հերուիկ Եարիջանեանը իր գործարար ընկերներով գնահատելի աշխատանք կը տանի, նիւթական միջոցներով անհրաժեշտ օժանդակութեամբ ժողովուրդի մտահոգութիւնը նուազեցնելու։

Մենք մեր Կրօնական եւ Թեմական Խորհուրդներուն հետ խորհրդակցութեամբ առկախեցինք եկեղեցական բոլոր արարողութիւնները, ներառեալ Կիրակի եւ Ուրբաթ օրերու Ս. պատարագն ու Մեծ պահոց շրջանին տեղի ունենալիք Արեւագալի եւ հսկումի հոգեպարար արարողութիւնները, բան մը, որ բաւական ծանր եղաւ մեզի համար, առաւել թելադրեցինք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ ննջեցեալներու թաղման եւ կամ քառասունքի, տարելիցի առիթով զգուշանան հաւաքուելէ եւ այդ առիթներով փոխան հոգեպատառի եւ հոգեճաշի նուիրատւութիւններ ընելու բարեսիրական միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն։ Այս առիթով մեր թելադրանքն է մեր միութիւններուն, որ որքան կարելի է հաւաքներէն հեռու մնան։

Այս բոլորը կ՝ըսենք ու կը գրենք սիրելի ժողովուրդ առ ի գիտութիւն եւ նկատառում. սակայն պիտի իմանաք, որ բաներ կան, որոնց լուծումը մեր ձեռքն է, իսկ բաներ ալ կան, որոնց լուծումը մեզմէ վեր է։ Ահա այս պարագային բոլորս կոչուած ենք հետեւելու պետական պատասխանատուներու յորդորներուն, անշեղօրէն գործադրելու մեր եւ մեր ազգային իշխանութեան թելադրութիւններն ու յորդորները։

Ի վերայ այսր ամենայնի, որպէս հաւատացեալ քրիստոնեաներ, պարտինք աղօթքով մենք մեզ զօրացնել, վերանորոգել մեր հաւատքը եւ վառ յոյսով ապրիլ մեր կեանքը։ Դառն փորձութեան շրջան է, որուն մէջէն կ՝անցնինք։ Որպէս ժողովուրդ յաճախ դիմագրաւուած ենք նման դժուարութիւններ, ենթարկուած ենք չարչարանքներու եւ հալածանքներու, մահուան ձորի մէջ անցեալ ենք, եւ սակայն երբեք չենք յուսահատած, ընդհակառակը՝ հաւատքով ժայռացած դիմադրած ենք։ Կը հաւատանք, որ այս փորձանքն ալ պիտի անցնի։

Այս առիթով մեր կոչն է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, որ շարունակ եւ անձանձրոյթ աղօթեն՝ վստահ ըլլալով, որ Աստւած պիտի լսէ մեր ձայնը։ Աղօթենք իրարու համար, մեր ծննդավայր Իրանի եւ իր ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ մեր պատմական հայրենիքի, Արցախի եւ ողջ աշխարհի համար. մի մոռնաք, որ աղօթքը բուժիչ զօրութիւն ունի եւ հաւատացեալները հոգիով իրարու կը կապէ։

Սաղմոսերգու մարգարէն կ՝երգէ.-
Օրհնաբանէ՛ Տիրոջ, որ անձս, եւ մի՛ մոռնար անոր բոլոր պարգեւները.
Ան է, որ կը քաւէ բոլոր մեղքերդ, կը բժշկէ բոլոր հիւանդութիւններդ.
Ան է, որ կեանքդ կը փրկէ կորուստէ եւ իր սիրով ու գթութեամբ կը պարուրէ քեզի.
Ան է, որ իր բարիքներով կը լեցնէ կեանքդ, այնպէս, որ արծիւներու պէս միշտ երիտասարդ մնաս. (Սղ. 103(102)։2-5)։
Աստուած պահապան ըլլայ բոլորիս.

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

9 Մարտ 2020
Թեհրան