ԵԱՀԿ ԽՎ-ն Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Ժողովրդավարական Զարգացման. Ծերեթելին Ամփոփած է Այցը

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Գէորգի Ծերեթելի, ամփոփելով Հայաստան կատարած երկօրեայ այցը, ողջունած է երկրին մէջ ընտրական բարեփոխումներ իրականացնելուն ուղղուած ջանքերը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԵԱՀԿ ԽՎ գրասենեակէն։ Ծերեթելի վերահաստատած է ԵԱՀԿ եւ ԽՎ յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի շարունակական ժողովրդավարական զարգացման:

«Այս տարի Հայաստանի մէջ՝ կառավարութեան դրամատիկ փոփոխութենէն ետք՝ հայկական քաղաքական համակարգը կ՝անցնի նոր փորձաշրջան: Ուրախ եմ տեսնելու միասին կառուցողական աշխատանք տանելու քաղաքական ուժերու պատրաստակամութիւնը, իսկ ընտրական գործընթացներու ծրագրուած բարեփոումներու պարագային լայն հաւանութիւնը կրկնակի կարեւոր է: Այս գործընթացին ողջ պատասխանատւութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն ձեռքն է»,- ըսած է Ծերեթելի՝ նշելով, որ ԵԱՀԿ-ն ու Խորհրդարանական վեհաժողովը պիտի շարունակեն աջակցիլ այդ գործընթացին՝ յանուն լաւագոյն արդիւնքի:

Այցին ծիրէն ներս ան ԵԱՀԿ ԽՎ գլխաւոր քարտուղար Ռոպերթօ Մոնդէլայի հետ հանդիպած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանի, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի, խորհրդարանական ուժերու, քաղաքական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ԵՊՀ ուսանողներու հետ:

Այցելութիւններուն ընթացքին քննարկուած են շատ հարցեր, ինչպէս՝ տնտեսական զարգացումը, ընտրական բարեփոխումները, կաշառակերութեան դէմ պայքարը, տարածաշրջանային յարաբերութիւններն ու ԵԱՀԿ-էն ներս Հայաստանի աշխատանքը: Ծերեթելի վերահաստատած է Խորհրդարանական վեհաժողովի աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ու անոր համանախագահներու աշխատանքին: Ան ընդգծած է, որ այս հարցով յստակ արդիւնքներ ու առաջընթաց արձանագրելու պատասխանատւութիւնը կ՝իյնայ ներգրաւուած կողմերու քաղաքական ղեկավարութեան վրայ:

«Ես, ըլլալով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն, կը հասկնամ այն մարտահրաւէրներն ու զգայունութիւնները, որոնք կ՝ազդեն Հայաստանի վրայ: Յոյսով եմ, որ իշխանութիւնները պիտի օգտագործեն ԵԱՀԿ ողջ գործիքակազմը, որ կառոյցը կ՝առաջարկէ՝ օգնելու երկրին լիարժէքօրէն բաւարարելու ժողովուրդի ակնկալիքները»,- ըսած է ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահը:

Տարածաշրջանին մէջ վեհաժողովի աշխատանքներուն նպաստելու համար, կ՝ակնկալուի, որ Հարաւային Կովկասի մէջ յառաջիկայում նշանակեն ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի նոր յատուկ ներկայացուցիչ: