
Քորոնայի Դէմ Պիտի Պայքարի Նաեւ Հայկական Շտապը…
«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ
ԽՄԲԱԳԻՐ ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
Այսօր իսկ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ Առողջապահութեան նախարարութիւնը զգուշացուց հասարակութեան, որ հնարաւորին չափ խուսափին քաղաքային երթեւեկութենէն եւ նախընտրաբար՝ խիստ անհրաժեշտութեան պարագային միայն բացակային բնակարաններէն, որպէսզի աւելի անվտանգ ըլլան քորոնա ժահրի համաճարակէն…
Ասիկա երեւի նախերգանքն է անոր, որ համաճարակի տարածումէն (որուն վարակային աշխուժութիւնը այս օրերուն վերելք արձանագրած է) խուսափելու համար, հարկաւոր կրնայ ըլլալ որոշ քաղաքներու մէջ կիսաարգելափակուած իրավիճակ նախատեսել:
Ինչ որ է, ըստ կանխատեսումներու՝ քորոնայի համաճարակային տարածելիութիւնը առաւել քան երբեք լուրջ ծաւալ կը ստանայ: Ատիկա կը վկայեն ոչ միայն պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, այլեւ ու մանաւանդ ժողովրդական տարբեր շերտերու քորոնա ժահրով վարակուածներու վերջին երկու օրերու մահացածներու քանակային տուեալները:
Գալով մեր՝ իրանահայ համայնքին մէջ տիրող իրավիճակին (զանց առած ընդհանուրի մասնիկը ըլլալու հանգամանքը), պէտք է ըսել, որ համայնքի կարողականութիւններուն համեմատ, փորձ կը կատարուի ընել պարտն ու պատշաճը նախ անձնական, ընտանեկան եւ սեփական քաղաքացիական հնարաւորութիւններով, ապա եւ՝ ազգային մարմիններու ու կառոյցներու միջոցով:
Անշուշտ, գնահատանքի արժանի քայլ է պատգամաւոր դոկտ. Խանլարեանի շրջագայութիւնը՝ հայկական քաղաքամասերու մէջ, ուր հայ քաղաքացիներուն կը հաղորդուի հոգեբարոյական խթան՝ վարակային ախտը դիմագրաւելու համար:
Նաեւ ողջունելի է ազգային մարմիններու՝ Թեմական խորհուրդի ու Պատգամաւորական ժողովի համատեղ աշխատանքները՝ նոյն նպատակով: Սակայն յոյժ անհրաժեշտ է (ինչպէս տուեալ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է) ժամ առաջ գործնականացնել պատկան շտապի գործունէութիւնը եւս, ուր նոյն Բժիշկներու միութեան եւ «Ա. Աւետիսեան» բուժարանի համագործակցութեամբ կը գործէ այսպէս ըսած՝ թէժ գիծն ու մինչեւ իսկ շրջիկ բժշկութիւնը՝ նախնական քայլերը ձեռնարկելու համար:
Այլապէս՝ այն, ինչ մեզի, որպէս լրատւամիջոց հասանելի կը դառնայ, ատիկա լոկ ասեկոսէներու, շշուկներու ու կասկածանքներու վրայ հիմնուած տեղեկատւութիւնն է, որմէ անշուշտ՝ մենք պիտի խուսափինք:
Ուստի՝ ճշգրիտ լրատւութեան կեդրոն կրնայ ըլլալ նաեւ նոյն այդ կեանքի կոչուած շտապը, որուն մասնագիտական ու անաչառ գործունէութեան արդիւնքով թէ՛ հասարակութիւնը պիտի չտրուի խուճապային շշուկներուն եւ թէ՛ հաւաստի լուրերը պիտի օգնեն, որպէսզի կանխարգիլման կարեւոր ու էական գործընթացները ճշգրտօրէն մատակարարուին մեր յարգելի հասարակութեան…: