ՀՀ Նախագահը Ներկայ Եղած է ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութեան
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յուլիս 24-ին, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ ներկայ եղած է ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութեան: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
