Զերծ Մնացէք Ապատեղեկատւութենէ. Թեհրանի Առաջնորդարանի Հայոց Թեմի ու «Aliq online»-ի Յայտարարութիւնը

Սփիւռք

«Ալիք օնլայն»-ը իր կայքին մէջ անդրադաձած է երէկ Մարտ 5-ին, իրանահայ կնոջ մահուան մասին լուրերուն: Լրատուականը կոչ ըսած լրատուամիջոցներուն ու հայրենակիցներուն զերծ մնալու ապատեղեկատւութենէն ու պաշտօնական տեղեկատուութեան հետեւելու «Ալիք» օրաթերթի, Alikonline-ի եւ Ազգային առաջնորդարանի կայքի միջոցով. Կը յայտնէ Yerkir.am-ը:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի.

«Ցաւով տեղեկացանք, որ երէկ` Մարտ 5-ին Մասիհ Դանեշուարի հիւանդանոցին մէջ մահացած է իրանահայ կին մը: 84-ամեայ Էլսի Մասիհին հիւանդանոց տեղափոխուած էր սուր շնչառական խնդիրներու պատճառով: Անոր մօտ կը կասկածուէր COVD-19 հիւանդութիւնը:

Հանգուցեալի մահուան պատճառն է` H1N1-ը` տենդախառն հարբուխը։

Մեր հայրենակիցներուն եւ հայկական լրատուամիջոցներուն կը յորդորենք, որ հաւաստի տեղեկութիւններ ստանալու համար հետեւին միայն ԱԼԻՔ օրաթերթին, Alikonline-ին եւ Ազգային առաջնորդարանի կայքին»:

Իր հերթին Թեհրանի Առաջնորդարանի Հայոց թեմը նոյնպէս տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՛ըսուի.

«Թեհրանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական ժողովը եւ Թեմական խորհուրդը նկատի ունենալով Իրանի մէջ օրըստօրէ զարգացող քորոնա ժահրի տարածումը, հիւանդներու թիւի աւելնալը եւ տիրող առողջապահական ճգնաժամը, կազմակերպած են համատեղ խորհրդակցական հանդիպում, ժահրի կանխարգիլման համար աշխատանքներ համակարգելու եւ նախաձեռնելու մտադրութեամբ»:

Աւելի վաղ մամուլի մէջ լուրեր տարածուած էին, որ Թեհրանի մէջ նոր քորանա ժահրէն հայ կին մը մահացած է:

Մարտ 6-ի ժամը 10.23-ի դրութեամբ ողջ աշխարհի մէջ հաստատուած է քորոնա ժահրով վարակուած է 98.385 հոգի, որմէ 3383-ը` մահացած, եւ 55.423-ը` առողջացած: