Համազգայինի «Փեթակ» Ծրագիրը Հայ Մանուկներու Արեւմտահայերէնի Իմացութեան Փորձառութիւն Կ՛ընձեռէ

Սփիւռք

Համազգայինը, արեւմտահայերէնի իմացութիւնը զարգացնելու նպատակով “Փեթակ” անունով հայկական ծրագիր մը մշակած է 10_14 տարեկան հայ փոքրիկներու համար։

2_11 Օգոստոս, 2020-ին, Ֆիլատելֆիա քաղաքէն 40 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող St. Mary of Providence Centre մէջ տեղի ունենալիք «Փեթակ» ծրագիրին շնորհիւ (երգ, պար, թատրոն եւ երաժշտութիւն)  արտադասարանային զբաղմունքներու միջոցաւ հայերէնախօսութիւն պիտի սորվին մասնակից փոքրիկներն ու պատանիները։

10 օրեր շարունակ մասնակիցները ժամանցի եւ ստեղծագործելու մթնոլորտին մէջ պիտի կարենան ձեռք ձգել նոր բարեկամութիւններ եւ արուեստի միջոցով սորվիլ հայերէնախօսութիւնը։

30 մասնակիցի համար նախատեսուած ծրագիրին մասնակցիլ ցանկացողները կրնան արձանագրուիլ մինչեւ Մարտ 31-ը։ Արձանագրուողներէն պիտի գանձուի նախ $350, իսկ Մարտ 31-էն ետք՝ $400։ Սակը իր մէջ կը ներառնէ մասնակիցի կեցութիւնը եւ կայանալիք ծրագիրները։

Ձեր դիմումը կրնաք ուղարկել Համազգային։ Մասնակիցները, իրենք պէտք է ապահովեն St. Mary of Providence Center-ի երթեւեկը (ժամանում եւ մեկնում)։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար նամակով կապուիլ petag@hamazkayin.org հասցէին։