
Կրթական 7 Մշակներ Պիտի Մեծարուին Հայ Դատի Կրթական Բաժանմունքի Ձեռնարկին Ընթացքին
Շաբաթ, 7 Մարտին, կ.ա. ժամը 11ին սկսող Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքին տարեկան չորրորդ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը առիթ մը պիտի հանդիսանայ մեծարելու 7 կրթական մշակներ, որոնք յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ոլորտին մէջ։
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին հեղինակաւոր պատմաբան եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի պատուոյ դասախօս դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որուն պիտի շնորհուի «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ժառանգութիւն» մրցանակը։
Փրոֆ. Յովհաննէսեանի կողքին պիտի մեծարուի նաեւ դոկտ. Մարիա Արմուտեան («Հայոց Ցեղասպանութեան համալսարանական կրթութեան մրցանակ»), ինչպէս նաեւ Նենսի Նազարեան եւ Սահականանուշ Մարգարեան, որոնք պիտի ստանանան Զարուհի Չիթճեանի անուան «Հայկական ժառանգութեան մրցանակ»ը։
Նաեւ, «Հայոց Ցեղասպանութեան կրթութեան մրցանակ»ին պիտի արժանան Ճենիֆըր Տէյվիս, դոկտ. Միշել Հերցոկ եւ Սուզեն Քուինթանա։
«Մեր տարեկան այս ձեռնարկը լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն իրողութիւնը, որ պատմութիւնը որքան կարեւոր է մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, նոյն ատեն առիթը կու տայ մեզի մեր երախտագիտութեան զգացումները յայտնելու բոլոր այն կրթական մշակներուն, որոնք իրենց պարտականութեան սահմաններէն անդին անցնելով՝ աշակերտներուն կը բացատրեն ատելութեան, անհանդուրժողութեան եւ բռնարարքներու ունեցած բացասական հետեւանքներուն տարողութիւնը», կը յայտնէ կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան։
Յիշեցնենք, որ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ վաւերագրական ֆիլմեր արտադրող Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեան, որ պատկերասփիւռի համար արտադրած հարիւրաւոր տեսանիւթերուն կողքին բեմադրած է նաեւ Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր չորս այցելութիւններուն հիման վրայ վաւերագրական «Ծածուկ Քարտէսը» ֆիլմը, որ շարք մը մրցանակներու արժանացած է։
Հայ Դատի վերոնշեալ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի De Luxe սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 237 E. Olive Ave., Burbank, CA 91502։
Տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան առիթներուն ծանօթանալու համար՝ այցելել www.ANCAWR.org/luncheon2020 կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին։