
Ատրպէյճանական Կողմը ԵԱՀԿ Առաքելութիւնը Իր Առաջապահ Դիրքերուն Մօտ Չէ Տարած
Մարտ 4-ին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ծրագրային դիտարկում անցուցած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ՝ Հադրութի շրջանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ։ Այս մասին կը յայտնեն Արցախի ԱԳՆ-էն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Մարթին Շուսդերը (Գերմանիա):
Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ դաշտային օգնական Կենատիէ Փեդրիգան (Մոլտովա) եւ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմոն Թիլըր (Մեծ Բրիտանիա):
Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, սակայն ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը իր առաջապահ դիրքերուն մօտ չէ տարած:
Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները: