Աւարտած է Նիկոլ Փաշինեանի Պաշտօնական Այցը Վրաստան

Աշխարհ, Հայաստան

Աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Վրաստան: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեան:

«Երկու երկիրներու վարչապետները քննարկումները շարունակած են նաեւ ոչ պաշտօնական ձեւաչափով:

Վարչապետները համաձայնած են քաղաքացիներու փոխայցերու ընթացակարգերու դիւրացման շուրջ: Անդրադարձ եղած է նաեւ բեռնափոխադրումներու հետ կապուած խնդիրներու կարգաւորման մասին»,- գրած է Գէորգեան:

Վրաստան կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Վրաստանի վարչապետ Գիորգի Կախարիայի, նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի, խորհրդարանի ղեկավար Արչիլ Թալագվաձէի, համայն Վրաստանի կաթողիկոս-Պատրիարք Իլիա երկրորդի հետ: Այցի ծիրէն ներս՝ վարչապետ Փաշինեան հանդիպած է նաեւ Վրաստանի հայ համայնքի հետ: