
Պատմութիւն, Խոհանոց, Արկածներ. «Singapore Tattler»-ը Հայաստանը Անուանած է Պարտադիր Այցելութեան Վայր
«Հարուստ պատմութիւն, շքեղ տեսարժան վայրեր, նոր խոհանոց եւ մեծ թիւով արկածներ ու այդ ամէնը առանց զբօսաշրջային մեծ հոսքի»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:
Հեղինակը կը նկատէ, որ տարածաշրջան այցելութիւնը կ՝ապահովէ այն, որ շատ ժամանակ չի պահանջուիր «Instagram»-ի էջը հեղեղելու համար: Ան կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի պարագային ատիկա նկատելի էր Reality Show-ի ուշագրաւ դէմքերէն Քիմ Քարդաշեանի այցին ժամանակ, երբ ան 2019-ին եկած էր մկրտելու իր երեխաները եւ աւելի լաւ ճանչնալու հայկական ժառանգութիւնը:
Խօսելով հայկական ճարտարապետութեան, պատմական կառոյցներուն մասին՝ յօդուածագիրը կը նշէ, որ Երեւանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն է: Հանրապետութեան հրապարակը, Քասքատը, Վերնիսաժը եւ այլ տեսարժան վայրերը անտարբեր չեն ձգեր զբօսաշրջիկները:
Յօդուածը կ՝անդրադառնայ նաեւ հայկական խոհանոցին: Մասնաւորապէս, ներկայացուած է լաւաշը, տնական պատրաստուած պանիրը, բնական միջոցներով աճած բանջարեղէններէ պատրաստուած աղցանները, եւ խորհուրդ կը տրուի այդ ամէնը վայելել մաքուր հայկական ջուրով, որ կը հոսի ուղղակի լեռներէն:
«Եւ որպէսզի իրապէս զգաք Հայաստանի պատմութեան խորութիւնը, անհրաժեշտ է քաղաքէն դուրս գալֆ տեսնելու հնագոյն եկեղեցիները, վանքերը, որոնք ցրուած են երկրի ամբողջ տարածքին: Երեւանէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Գառնին, երկրին մէջ առկայ միակ հեթանոսական տաճարը, որ տպաւորիչ լեռնաշղթային դիմաց է»,- նշուած է յօդուածին մէջ:
Ներկայացուած են նաեւ Հաղպատը, Սանահինը եւ այլ պատմամշակութային վայրեր: