Հայաստանը Դրամաշնորհ Ստացած է Գիւմրիի Ճանապարհներու եւ Փողոցներու Լուսաւորութիւնը Արդիականացնելու Համար

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ելեւմուտքի նախարարութիւնը, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը (ՎԶԵԴ) եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանը այսօր Ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ ստորագրած են դրամաշնորհ ներգրաւելու մասին համաձայնագիր:

Ստորագրուած համաձայնագիրով ՎԶԵԴ-ը E5P հիմնադրամի միջոցներէն 2 միլիոն եւրօ գումարի դրամաշնորհ պիտի յատկացնէ Գիւմրի քաղաքի ճանապարհներու, ինչպէս նաեւ փողոցներու լուսաւորութեան արդիականացման համար:

Համաձայնագիրը ստորագրած են ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը, ՎԶԵԴ-ի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Տմիթրի Կուինտաձէն, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը եւ E5P տարածաշրջանային հիմնադրամի գլխաւոր կառավարիչ Էւա Մանիգը:

Դրամաշնորհի միջոցներով պիտի տեղադրուի ուժանիւթ խնայող նոր LED (լուսատիոտային) լուսաւորութիւն, կառավարման եւ կարգաւորման համակարգ, պիտի փոխարինուին եւ նորոգուին սիւները, ինչպէս նաեւ հոսանքի մալուխները: Կատարուելիք աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք պիտի կրճատուի ուժանիւթի սպառումը, եւ նուազագոյնի պիտի հասցուին շահագործման եւ սպասարկման ծախսերը:

Նոր LED լուսաւորութիւնը զգալիօրէն պիտի նուազեցնէ ուժանիւթի սպառման արժէքը, որուն իբրեւ արդիւնք քաղաքապետարանը պիտի տնտեսէ ելեկտրականութեան տարեկան ծախսը: