Թեհրանի «Տաւիղ» Երգչախումբի Տարեկան Համերգը Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-ամեակներուն

Սփիւռք

Թեհրանի Հայ համալսարանականներու ընդհանուր միութեան «Նիկոլ Աղբալեան» սրահին մէջ, Փետրուար 20-ին, կազմակերպուած էր միութեան «Տաւիղ» երգչախումբի տարեկան համերգը, նուիրուած՝ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն: Այս մասին կը հաղորդէ alikonline.ir-ը։

Իւրայատուկ համերգը իրականացուցած է միութեան «Տաւիղ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արփի Սիմրոջեանի (Նազարեան), ընկերակցութեամբ դաշնակահար Ալին Թաշճեանի:

Երկու արարներով իրականացած համերգացանկը բաղկացած էր հետեւեալ գլուխներէն՝ ժողովրդական եւ աշուղական, որոնք իրականացած են երգչախումբի արհեստավարժ խմբավարին եւ կատարողներուն յաջող ներկայացումով առաջին բաժինով եւ արժանանալով հանդիսատեսի բուռն ծափահարութիւններուն: Երկրորդ բաժինով հանդիսատեսը ունկնդրած է Կոմիտասի մշակումները եւ Յովհաննէս Թումանեանի գրիչին պատկանող գործերը: Համերգը ոչ միայն երգչախմբային եղած է, այլ նաեւ մեներգիչները եւս հանդէս եկած են կատարումներով:

Ձեռնարկի բացման խօսքին մէջ Փիւնիկ Խուդաբախշեան յետադարձ ակնարկ մը կատարած է «Տաւիղ» երգչախումբի անցեալին, եւ նշած,- «1988 թուականին Հ.Հ.Ը.միութեան ժամանակի վարչութիւնը, զգալով երգչախումբի պահանջը, հրաւիրեց Արփի Սիմրոջեանը, որուն ջանքերով հիմնուեցաւ երկսեռ քառաձայն «Տաւիղ» երգչախումբը, շուրջ 40 անդամ-անդամուհիներով»: Խօսքին մէջ նաեւ նշուած է, որ երգչախումբը, որ վերջերս համալրուած է երիտասարդներով, միշտ մասնակցած է ազգային-կրօնական ձեռնարկներուն:

Հանդիսատեսը ոչ միայն ունկնդրած էր երգչախմբային կատարումները, այլ մերթընդմերթ հաղորդակից եղած երգացանկը մշակած հայ մեծերուն կենսագրական տուեալներուն եւ իւրաքանչիւր երգի մասին բացատրութեան, որ լսարանին կը փոխանցէր տեղեկութիւններ հայ երգի ու երաժշտութեան մասին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած ելոյթը, աւարտին արժանացած է հանդիսատեսի բուռն գնահատանքին: