
Իսրայէլի Մէջ ՀՀ Դեսպանի Նստավայրը Թել Աւիվ Կը Տեղափոխուի
Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի նստավայրը տեղափոխուած է Թել Աւիվ: ՀՀ նախագահը Արմէն Սմբատեանը Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան նշանակելու հրամանագիրին մէջ ստորագրած է փոփոխութիւններու հրամանագիր, որմով կ՝արձանագրուի, որ Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանի նստվայրը Երեւանէն կը տեղափոխուի Թել Աւիվ:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 139-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Նորմատիւ իրաւական ակտերու մասին» օրէնքի 34-րդ յօդուածի. Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի 2018 թուականի Մարտ 31-ի «Ա. Սմբատեանը Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին» ՆՀ-200-Ա հրամանագրին մէջ «(նստավայրը՝ Երեւան)» բառերը փոխարինել «(նստավայրը՝ Թել Աւիվ)» բառերով»,- ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:
Թել Աւիվի մէջ դեսպանութիւն հիմնելու որոշման ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր 2019 Սեպտեմբերին: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իսրայէլի պետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992 Ապրիլին: 2018 Մարտէն Իսրայէլի պետութեան մէջ ՀՀ դեսպանը Արմէն Սմբատեանն է: