
Ախալցխայի Մանկապարտէզներու Հայկական Բաժիններուն Մէջ Ուսուցումը Այլեւս Հայերէն Չէ
Վերջերս պարզուած է, որ Ախալցխայի շրջանի մանկապարտէզներու հայկական բաժիններուն մէջ ուսուցումը հայերէն չէ։ Այս մասին, Akhaltskha.net-ի միջոցով կը հաղորդէ Էդուարդ Այվազեան։
Տեղեկութեան համաձայն, ասիկա պարզ դարձած է Փետրուար 4-ին ՀՀ սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի այցին ժամանակ, որուն ընթացքին Սազել գիւղի բնակիչներէն մէկը բարձրաձայնած է խնդրի մասին։ Սազել գիւղի բնակիչին խօսքերով իր երեխան մանկապարտէզի մէջ հայերէն չի սորվիր, որուն մասին կը վկայեն երեխային սորվելու նպատակով տրուած բանաստեղծութիւնները ձեռնարկներէն առաջ։ «Իմ երեխային ձեռնարկի նախապատրաստուելու նպատակով տուած էին հինգ բանաստեղծութիւն ու հինգն ալ վրացերէն լեզուով»,- այդ ժամանակ Ախալցխայի քաղաքապետարանի շէնքին մէջ ներկաներուն տեղեկացուցած է Սազել գիւղի բնակիչը։
Լրատուամիջոցը յաջողած է պարզել, որ նման խնդիրը Սազել գիւղէն բացի առկայ է նաեւ հայկական Մեծ Պամաճ ու Սուխլիզ գիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ախալցխա քաղաքի մանկապարտէզներու հայկական բաժիններուն մէջ։
«Ես ունիմ երկու երեխայ, եւ աւագը մանկապարտէզը աւարտած է երեք տարի առաջ ու այն ժամանակ երեխաս մանկապարտէզի մէջ կը սորվէր հայերէն ու վրացերէն բանաստեղծութիւններ եւ երգեր, իսկ հիմա փոքրիկ տղաս նոյն խմբակին մէջ չի սորվիր հայերէն ոչ մէկ բանաստեղծութիւն ու երգ»,- ըսած է ծնող մը, որուն երեխան կը յաճախէ Ախալցխա քաղաքի մանկապարտէզներէն մէկուն հայկական բաժինը։
Այս առիթով, լուրին իսկութիւնը ստուգուած է տուեալ մանկապարտէզի աշխատակիցէն, որուն ի պատասխան ան տեղեկացուցած է, որ իրենք երեխաներուն կը դասաւանդեն այն ծրագրերով, որոնք կը յանձնարարուին վերադասին կողմէ։
Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ աբեղայ Սահակեանի խօսքերով՝ տուեալ փաստը վիրաւորանք է մեր ժողովուրդին ու յատկապէս մայրերուն նկատմամբ, որոնք կ՝ուզեն, որ իրենց երեխաները վրացերէնի հետ մէկտեղ սորվին նաեւ մայրենի լեզուն։ Անոր խօսքերով մանկապարտէզներու հայկական խմբակներու ուսուցիչները հասկնալի պատճառներով կը խուսափին յստակ պատասխան տալու խնդիրին վերաբերեալ, սակայն նման տեղեկութիւնները լայն տարածում ստացած են հանրութեան շրջանակի մէջ ու այդ իսկ պատճառով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները պէտք է պաշտօնական ձեւով արձագանգեն կատարուածին վերաբերեալ։
Ըստ տեղեկութիւններուն՝ նախապէս հայկական խմբակներու մէջ վրացերէնի հետ մէկտեղ դասաւանդուած է նաեւ հայերէնը, սակայն վերջերս «վերեւներէն» ներքին կարգով հրաման ստացած են այլեւս հայերէն չդասաւանդելու։
Հարկ է նշել, որ այս շրջանի մանկապարտէզները կը պատկանին Ախալցխայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն եւ նման հրահանգ կրնար իջեցուիլ Ախալցխայի քաղաքապետարանէն, սակայն յստակ, որ պաշտօնեան տուած է նման հրահանգ՝ դեռ պէտք է պարզել։