
Նորընտիր Պատգամաւորներ Ռոպերթ Բեգլարեան Եւ Արա Շահվերդեան Երախտիքի Խօսք Յղած Են Իրանահայութեան
Սիրելի հայրենակիցներ, իմ երախտագիտութեան խօսքը կը յղեմ Ձեզ, Իսլ. խորհրդարանի 11-րդ ընտրութիւններուն Ձեր մասնակցութեան համար:
Իմ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ նաեւ միւս թեկնածուներուն՝ դոկտ. Արիս Շահբազեանին, դոկտ. Ալպերթ Պօղոսեանին եւ դոկտ. Սեւան Սոհրայիին, որոնք իրենց թեկնածութեամբ եւ նախընտրական գործունէութեամբ աւելի ճոխացուցին ընտրարշաւը:
Բարձր կը գնահատեմ Ներքին գործերու նախարարութեան, Ընտրական յանձնախումբի եւ միւս պատասխանատու անձերուն իրականացուցած աշխատանքները, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ կազմակերպեցին այս ընտրութիւնները:
Կը շնորհաւորեմ Ռոպերթ Բեգլարեանը հարաւային իրանահայութեան ընտրատարածքէն իր վստահութեան քուէն ստանալուն առիթով:
Սիրելի հայրենակիցներ, Ձեր վստահութեան քուէին հիման վրայ նուաստս պիտի ըլլամ համայն ժողովուրդի պատգամաւոր եւ պիտի ծառայեմ այդ վսեմ կոչման համաձայն:
Շնորհակալութիւն՝
ԱՐԱ ՇԱՀՎԵՐԴԵԱՆ
Յարգելի իրանահայեր, Նոր Ջուղայի, Շահինշահրի, Փերիայի եւ Շիրազի յարգարժան հայրենակիցներ.
Անցեալ շաբաթներուն ընթացքին, յատկապէս անցեալ օրերուն բոլորս մասնակից էինք Իրանի քաղաքական ամենակարեւոր իրողութիւններէն մէկուն՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրադարձութեան:
Իբրեւ արդիւնք երեւան եկաւ այն, որ անկախ թէ որ թեկնածուն ընտրուած է, Ձեր քաղաքացիական կամքի դրսեւորումը:
Առ այդ, իբրեւ հարաւային իրանահայութիւնը ներկայացնող ապագայ խորհրդարանի ներկայացուցիչ, պարտք կը համարեմ ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն յայտնելու Ձեր բոլորին՝ այս միակամութիւնը ցուցաբերելու համար:
Յատկապէս շնորհակալ եմ իմ սիրելի համաքաղաքացիներուն ու հարաւային իրանահայութեան, որոնք աշխուժացուցին ընտրութիւնները:
Յատուկ շնորհակալ եմ ընտրութիւնները կազմակերպող բոլոր անձերուն, հաստատութիւններուն, ինչու ոչ՝ ընտրական շտաբի իւրաքանչիւր անդամի ու երիտասարդութեան:
Երախտապարտ եմ Նոր Ջուղայի հոգեւորական դասին, ի մասնաւորի՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան եպս. Քէչէճեանին, որ յօժարակամօրէն սիրելի ժողովուրդը խրախուսեցին մասնակցելու ընտրութիւններուն:
Յաջողութիւններ կը մաղթեմ մրցակից Էմին Յովսէփին եւ կը յուսամ, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան աւելի առողջ մթնոլորտի մէջ:
Բնական է, որ իմ յետագայ խորհրդարանական գործունէութիւնը չի կրնար առանց Ձեզի՝ սիրելի ժողովուրդ, դրական արդիւնքներ ունենալ, ուստի կը խնդրեմ Ձեր մշտական կապը իմ եւ իմ գրասենեակին հետ ըլլայ աշխոյժ եւ գործնական:
Յարգանքներով՝
ՌՈՊԵՐԹ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ