
Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի Հետ Քննարկեց Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Հարցեր
Փետրուարի 19-ին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան օրակարգը, գրասենեակի ծրագրերն ու յառաջիկայ ծրագիրները, մասնաւորապէս՝ սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի ընթացքին Սփիւռքի բոլոր կառոյնցերու հետ համագործակցութեան ու մասնակցութեան առնչուող հարցեր:
Հանդիպման ընթացիքն շեշտուած են նաեւ սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը եւ հայրենադարձութեան գործընթացի կազմակերպումը: