
ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականները Իրենց Գրասենեակի Աշխատակիցները Պիտի Գործուղեն Ղարաբաղ՝ Ընտրութիւններուն Հետեւելու
Միացեալ Նահանգներու շարք մը քոնկրէսականներ յայտարարած են, որ ղարաբաղեան կողմի հրաւէրով իրենց աշխատակիցները պիտի մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ՝ Մարտ 31-ի ընտրութիւններու ընթացքին հետեւելու նպատակով:
«Մենք անշուշտ կ՝ուզենք արդար ընտրութիւններ տեսնել Արցախի մէջ Մարտ 31-ին, ուստի ձեզի տեղեակ կը պահեմ, որ որոշած եմ նաեւ իմ աշխատակիցը ուղարկել ընտրութիւններու ընթացքին հետեւելու»,- ըստ «Ամերիկայի ձայն»-ին՝ նշած է քոնկրէսականը։
Պաշտօնական Պաքուն, որ Լեռնային Ղարաբաղը չի ճանչնար, այնտեղ անցնող բոլոր ընտրութիւնները «գրաւուած տարածքներու մէջ քաղաքական ցուցադրութիւն» կ՝անուանէ:
Ճանչնայ Ատրպէյճանը Ղարաբաղի անկախութիւնը թէ ոչ՝ կեանքը այնտեղ պիտի շարունակէ զարգանալ, համոզուած է հայկական արմատներ ունեցող քոնկրէսական Ճէքի Կանչելեան Սփիրը. «Շատ կարեւոր է, որ այնտեղի ժողովրդավարութիւնը շարունակական ըլլայ»:
Քոնկրէսի աշխատակիցներուն հետ ընտրութիւններու ընթացքի համակարգում իրականացնելու համար Ղարաբաղ պիտի ժամանէ նաեւ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնի աւագ խորհրդական Ճէյմս Ճոնսընը. «Ուսումնասիրած եւ տեսած եմ, որ Արցախի նախորդ ընտրութիւնները եղած են ազատ, արդար եւ թափանցիկ բոլոր չափանիշներով: Յոյս ունինք, այժմ անոնք նոյնպէս ազատ պիտի ըլլան»:
Ճոնսընի ղեկավար, քոնկրէսական Ֆրանք Փալոն իր կողմէն աւելցուցած է. շատ կարեւոր է ողջ աշխարհին ցոյց տալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատուած է. «Մենք կ՝ուզենք մատնանշել, որ Արցախի մէջ գործող ժողովրդավարութիւն է, որ կը համապատասխանէ ազատ հասարակութեան բոլոր չափանիշներուն»,- ըսած է ան:
Հակառակ շարք մը քոնկրէսականներու որոշման, Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը նախապէս չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին անցած ընտրութիւնները: