Մամուգա Պախդաձէն Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Աշխարհ, Հայաստան

Վրաստանի վարչապետ Մամուգա Պախդաձէ, Հայաստան պաշտօնական այցին ծիրէն ներս, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրաւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ըստ Akhaltskha.net-ի՝ Պախդաձէ, յուշահամալիրին մէջ, նաեւ ծաղիկներ խոնարհեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց զոհերու յիշատակին: