Մարտ 31-ին Տեղի Պիտի Ունենան Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Ազգային Ժողովի Հերթական Ընտրութիւնները

Հայաստան

Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքի շարք մը դրոյթներով` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու օր  յայտարարուած է 31 Մարտ 2020-ը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը:

«Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածի Ա. մասին համաձայն, հանրապետութեան նախագահի հերթական ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն 50 օր առաջ:

Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 109-րդ յօդուածին համաձայն, Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ  հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն հետ միաժամանակ:

Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 97-րդ յօդուածի Բ. մասով եւ 121-րդ յօդուածի Բ. մասով կը սահմանուի, որ հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու  օրուան մասին Արցախի հանրային ձայնասփիւռով եւ հանրային պատկերասփիւռի կայանի հաղորդագրութեամբ հանդէս կու գայ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահը` քուէարկութեան օրէն ոչ ուշ, քան 70 օր առաջ:

Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքի նշեալ դրոյթներով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու օր յայտարարուած է 31 Մարտ 2020-ը:

Հիմք ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 97-րդ յօդուածի Գ. մասը, համապետական ընտրութիւններու  քուէարկութեան օրը` երեքշաբթի, 31 Մարտ 2020-ը յայտարարուած է ոչ աշխատանքային օր», յայտնած են Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամուլի ծառայութենէն: