Հալէպի Սըքքարի Թաղամասը Հրթիռներու Թիրախ

Աշխարհ

Հինգշաբթի, 16 Յունուար 2020-ի առաւօտուն, Հալէպի արեւմտեան շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 3 հրթիռ արձակեցին Հալէպի Սըքքարի թաղամասին ուղղութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Հրթիռակոծումը տեղի ունեցաւ շրջանի ամէնէն խճողուած ժամերուն։

Շրջանի հիւանդանոցի բժիշկները տեղեկացուցին, թէ հիւանդանոց տեղափոխուած են 6 զոհերու դիակներ ու աւելի քան 20 վիրաւորներ։ Քանդուած են բնակարաններ, խանութներ եւ արձանագրուած են նիւթական վնասներ։

Զոհերուն մէջ եղած են նաեւ կիներ ու մանուկներ։