Հայկական Ամանորեայ Անուշապուր

Այլեւայլ

Քրիստինէ Վարդանեան-Դատեան, mirrorspectator.com

Հայկական սովորութեան համաձայն` Սուրբ Ծնունդին` Յունուար 6-ին, կը համտեսեն անուշապուր»,- գրած է լրագրող Նենսի Այերը  «Detroit Free Press»-ի մէջ 1955-ին: Ան իր «Նոյը սիրած է այս ուտեստը, հետեւաբար փորձէ զայն քու ընտանիքիդ հետ» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը պատմէ հայկական ամանորեայ անուշապուրի մասին եւ կը ներկայացնէ նաեւ տիկին Չարլզ Պոյաճեանէն առած բաղադատոմսը: Ան՝ ուտեստը պատրաստած եւ մատուցած է այլ «հայ տանտիրուհիներու» հետ միասին Մեթրոփոլիթան Տիտրոյթի միջազգային հիմնարկին մէջ, որ հիմնադրուած է 1919-ին: Ան շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որուն նպատակն է օգնել ներգաղթեալներուն` մատուցելով տարբեր ծառայութիւններ, ինչպէս` անգլերէնի ուսուցում եւ «իրարու մշակոյթներու» ըմբռնում:

Յօդուածին մէջ նաեւ նշուած է․ «Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին եւ Սուրբ Ծննդեան օրը կ՛ուտեն այդ պաղ թանձր ապուրը, որ կը մատուցուի բազմերանգ չիրերու հետ եւ մեծ ամաններով:  Ստորեւ ներկայացուող բաղադրատոմսը սիրով հրապարակուած է 1949-ին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ հրատարակուած «Հայկական բաղադրատոմսեր»-ի գիրքին «Տէթրոյթի կանայք» բաժինին մէջ: Անուշապուրը կը պատրաստեն ծեծած ցորենով, որ կը թրջուի ջուրի մէջ քանի մը ժամ, ապա կրկին կը թրջուի տաք ջուրի մէջ: Այդ մրգային, համեղ ապուրը հայերը եւ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդները շատ կը սիրեն։ Անիկա դարեր շարունակ աշխարհով մէկ զարդարած է տօնական սեղանները եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, կը նախանշէ Ամանորը:

Բաղադրութիւնը 15-20 հոգիի համար․

1 բաժակ ծեծած ցորեն,

1,5 բաժակ չամիչ,

1,5 բաժակ ծիրանաչիր,

12 բաժակ ջուր,

2 բաժակ շաքարաւազ,

2 ճաշի դգալ վարդի ջուր կամ նարինջի ծաղկի ջուր (հնարաւոր է գնել մերձաւորարեւելեան խանութներէն),

Կասիա եւ զարդարանք` ըստ ճաշակի:

Պատրաստման եղանակը․

Ցորենը թրջել, ապա լեցնել մեծ ամանի մէջ, աւելցնել 12 բաժակ ջուր եւ հասցնել եռման ջերմաստիճանի, կաթսան վերցնել կրակին վրայէն: Զայն ծածկել եւ ձգել թրջուի ամբողջ գիշերը:

Յաջորդ օրը զանգուածը դնել կրակին վրայ եւ մօտ մէկուկէս ժամ եփել մարմանդ կրակի վրայ: Թրջել չամիչը եւ ծիրանաչիրերը եւ զանոնք բաժնել երեք մասի, ապա շաքարաւազի հետ միասին աւելցնել ցորենին: Եփել 30 վայրկեանէն աւելի: Հանել գազօջախէն, աւելցնել վարդաջուրը կամ նարինջի ծաղիկներու ջուրը եւ լեցնել զայն խորունկ ամանի մէջ:

Վրան կասիա ցանել եւ զարդարել ընդեղէնով, կեղեւազրկած կամ մանր կտրտած նուշով, նռան հատիկներով, փոքր չիրերով:

* Մատուցել թեթեւ տաքցուած կամ սենեակի ջերմաստիճանի հասցուած վիճակի մէջ (դուք կրնաք զայն պահել սառնարանը մօտ մէկ շաբաթ): Եթէ չէք ցանկար անուշապուրը զարդարել անմիջապէս եփելէն ետք, ապա պէտք է նկատի ունենաք, որ անոր երեսը կը չորնայ, եւ զարդարանքը չի պահպանուիր: Ծածկեցէ՛ք զայն փլաստիկ կափարիչով, որպէսզի երեսը խոնաւ մնայ:

Անգլերէնէ թարգմանեց Անի Մելքոնեանը