
Ստեփանակերտը Պատրաստ է Ընդունելու Մեհրիպան Ալիեւան` Որպէս Հիւր Կամ Պատուիրակութեան Ղեկավար
Արցախը երբեք չէ ունեցած որեւէ բարդոյթ որեւէ ազգի հանդէպ: Մենք չունինք ատելութիւն ատրպէյճանական ժողովուրդին հանդէպ, քանի որ մենք չենք պայքարիր ատրպէյճանցի ժողովուրդին դէմ:
Այս մասին յայտարարեց Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան` NEWS.am-ի խնդրանքով մեկնաբանելով Ղարաբաղի մէջ մուղամ լսելու Ատրպէյճանի նախագահի տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի ցանկութիւնը եւ ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի պատասխանը:
«Ընդհանրապէս ես կը կարծեմ, որ բնական չէ, երբ կը պայքարին երեխաներու, կիներու դէմ, կը սպաննեն զանոնք միայն ազգային, ցեղային, կրօնական հողի վրայ: Ատիկա վայել չէ բնական մարդոց: Այդ պատճառով, եթէ Մեհրիպան-խանումը, որպէս հիւր կամ որպէս Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ պաշտօնական այցով ժամանէ մեր` Ատրպէյճանի հարեւան երկիր, մենք միշտ ուրախ կ՛ըլլան որեւէ պետութեան որեւէ ներկայացուցիչի այցի եւ հիւրի համար: Սակայն, կրկին, որպէս հաւասար գործընկեր կամ զբօսաշրջիկ, հիւր: Եթէ ան ուզէ գալ որպէս հիւր կամ իրարու երկիրները փոխադարձ ճանչնալէն ետք`որպէս պատուիրակութեան ղեկավար, խնդրեմ:
Ի դէպ, զբօսաշրջիկները Արցախ կրնան այցելել տարբեր ակումբներ, լսել տարբեր ժանրի երաժշտութիւն` ջազ, օփերա, կարելի է միացնել յատուկ իսլամական աշխարհի, Ատրպէյճանի համար, յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ետք, մուղամի ոճի երաժշտութիւն: Սա տեխնիկական կողմն է: Զբօսաշրջային ընկերութիւնները կրնան հաշուի առնել հիւրերու ճաշակը` համապատասխան ծառայութիւն մատուցել»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեան: