Մովսէս Յակոբեան ու Անոր Տեղակալները Կը Հեռացուին Իրենց Պաշտօններէն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի որոշմամբ Մովսէս Յակոբեան հեռացուած է գլխաւոր ռազմական տեսուչի պաշտօնէն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի որոշումը հրապարակուած է ՀՀ կառավարութեան e-gov.am կայքին մէջ:

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 6-րդ յօդուածի 4-րդ մասով եւ «Պետական կառավարման համակարգի մարմինների մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով` Մովսէս Յակոբեանին ազատել գլխաւոր ռազմական տեսուչի պաշտօնէն»,- ըսուած է վարչապետի որոշման մէջ:

Վարչապետի որոշումներով պաշտօններէն հեռացուած են նաեւ գլխաւոր ռազմական տեսուչի տեղակալներ Կամօ Քոչունցը եւ Վաչագան Ներսէսեանը: