Ի Պատիւ Հայ Դատի Յանձնախումբերուն՝ Պէտք է Ըսել, Որ Անոնք Կը Կարենան Գործել Համակարգուած եւ Արդիւնաւէտ. ՀՀ Նախագահ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նոյեմբեր 9-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի դրամահաւաք, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 2 400 000 տոլար:

Ձեռնարկին ընթացքին ԵՄ-ի եւ Պելճիքայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան ընթերցեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնած հաւաքի մասնակիցներուն ուղղուած՝ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ողջոյնի խօսքը, ուր նշուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու յարգարժա՛ն ներկայացուցիչներ, տիկնա՛յք, եւ պարոնա՛յք.

Կ՝ողջունեմ բոլորդ եւ ուրախ եմ, որ մէկ յարկի տակ հաւաքուած են հայ ժողովուրդի ճակատագրի հանդէպ սրտացաւ, Հայկական հարցի արդար լուծմամբ շահագրգիռ, Հայ Դատը առաքելութիւն հռչակած մարդիկ՝ ազգային, պետական, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, գործարարներ ու բարերարներ տարբեր երկիրներէ եւ քաղաքներէ:

Յարգելի՛ բարեկամներ,

Հայ Դատի առաջնահերթ առաքելութիւնը եղած է ու կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ատիկա ոչ միայն առաքելութիւն է, այլեւ՝ պարտք եւ պարտաւորութիւն:

Անշուշտ, այն ազգանպաստ գործունէութիւնը, որ կը ծաւալեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, տեսանելի չէ ամենայն մանրամասնութեամբ: Սակայն նկատի ունենանք, որ այդ գործընթացը որեւէ առումով նման է դիւանագիտութեան, ուր ամէն ինչ չէ, որ բացայայտ է:

Ի պատիւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն՝ պէտք է ըսել, որ, գտնուելով տարբեր երկիրներու մէջ, անոնք կը կարենան գործել համակարգուած եւ արդիւնաւէտ: Անոնց ջանքերուն շնորհիւ է նաեւ, որ տարբեր պետութիւններ, խորհրդարաններ, միջազգային կառոյցներ ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող իրաւական ակտեր: Ամենաթարմ վկայութիւնը ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին՝ վերջերս ընդունած թիւ 296 բանաձեւն է, որ կ՝արձանագրէ ՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ եւ ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, չմասնակցի փաստի ժխտման եւ խրախուսէ Հայոց Ցեղասպանութեան հանրային ըմբռնումը:

Այդ ամէնը Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ու դիւանագիտական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ տուեալ երկիրներու պատկան մարմիններու, հասարակական կազմակերպութիւններ, նաեւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու, աւանդական կուսակցութիւններու, ազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու, անոնց աջակիցներու, բարեկամներու, ընկերներու լայն շրջանակի քրտնաջան աշխատանքի, հսկայական ջանքերու արդիւնք է:

Օգտուելով առիթէն՝ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայ Դատի գրասենեակներուն ու յանձնախումբերուն, Հայ Դատի նուիրեալներուն, անհատներուն, աջակիցներուն հայանպաստ գործունէութեան, հայրենասիրութեան ու համազգային բարձր գիտակցութեան համար:

Յարգելի՛ ներկաներ, ժամանակակից աշխարհը առաջ կ՝ընթանայ մեծ արագութեամբ: Ուստի անհրաժեշտութիւն կայ հռչակած նպատակները, ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը համապատասխանեցնելու այսօրուան: Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու աշխատանքները, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցէն բացի, կ՝ընդգրկեն նաեւ այլ ոլորտներ: Հայաստանի միջազգային վարկի ամրապնդման, անոր տնտեսական հզօրացման ու առաջընթացին, Արցախի հարցի արդարացի լուծման ու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման աջակցիլը համազգային այն առաջնահերթութիւններէն են, որոնք համահունչ են Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան: Այս առումով դրուատելի է անոնց օգտակար մասնակցութիւնը այս գործընթացներուն:

Անշուշտ, Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները քաջատեղեակ են այն խնդիրներուն, որոնք արդիական են մեր ժողովուրդի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, Սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն համար: Համոզուած եմ, որ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները, իբրեւ ազգային կառոյցներ, յաջողութեան պիտի հասնեն իրենց ծրագրերուն մէջ ՝ ջանքերու մէկտեղմամբ, համազգային շահի միասնական գիտակցումով:

Կրկին կ՝ողջունեմ բոլորդ, կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ ամենյան բարիք»: