Յաջորդը Ծերակոյտի Բանաձեւն է. Թանկեան Անդրադարձած է Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունման

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

System of a Down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան անդրադարձած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի որոշման՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւ ընդունելուն վերաբերեալ: Facebook-ի իր էջին միջոցով Թանկեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւի ընդունման համար:

«Շնորհակալ եմ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին ԱՄՆ պատմութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատշաճ կերպով բնութագրելու համար` ի յիշատակ իմ նախնիներու եւ անոնց բոլոր զոհուած հարազատներու: Ցեղասպանութիւնը երբեք պէտք չէ օգտագործուի քաղաքական նպատակայարմարութեան կամ բռնապետին աւելի շատ ուղղաթիռներ վաճառելու համար: Ասիկա Թուրքիոյ համար աւելի պիտի դժուարացնէ այս հարցով ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան հետ խաղալը, թէեւ ես վստահ եմ, որ պիտի փորձէ: Կարեւոր է, որ կան տնտեսական պատժամիջոցներ՝ կապուած Սուրիա Թուրքիոյ ապօրինի ներխուժման հետ: Յաջորդը Ծերակոյտի բանաձեւն  է»,- գրած է Թանկեան: