
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է Ճափոնի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Աշխատանքային այցով Ճափոն գտնուելու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ հանդիպած է Ճափոնի փոքրաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախագահ Սարգսեան նախ հետաքրքրուած է, թէ ինչով կը զբաղին անոնք, ապա համառօտ տեղեկացուցած այցի ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին: Ան նշած է, որ իրական հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի հանդէպ, եւ շատ իրատեսական զրոյցներ ունեցած է, թէ ինչ կրնանք ընել միասին: Նախագահին խօսքով` համագործակցութեան ուղղութիւնները շատ յստակ են` նորագոյն արհեստագիտութիւններ, արտակարգ իրավիճակներ, առեւտրական գործարքներ, սնունդի արտահանում եւ անվտանգութիւն: «Նաեւ իրենցմէ սորվելու շատ բան ունինք պետական ծառայութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ այն կարգապահութիւնն ու նուիրուածութիւնը, որ այս մարդիկ ունին, իսկապէս, հիացմունք կ՛առաջացնէ»,- ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:
Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան պատասխանած է համայնքի ներկայացուցիչներու հարցումներուն:
Աշխատանքային այցի ընթացքին Սարգսեան այցելած է նաեւ Ճափոնի հնագոյն քաղաքներէն Կամակուրա, դիտած Ամիտա Մեծ Պուտտայի հսկայական պրոնզէ արձանը, այցելած Hokoku-ji տաճար, որ յայտնի է իր բամբուկէ անտառով, մասնակցած ճափոնական աւանդական թէյախմութեան արարողութեան:
Նախագահ Սարգսեան եւ Նունէ Սարգսեան այցելած են նաեւ ճափոնական յայտնի սրբավայրերէն «Ցուրուգաոկա Հաչիմանգու» սինտոյական տաճար, որ հիմնադրուած է տասնմէկերորդ դարուն:
Տաճարին մէջ հնչեցած է Հայաստանի ու Ճափոնի բարեկամութեան նուիրուած աղօթք: