«Այնճար Արթ Կալըրի»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նաթալի Քէնտիրճեան       

Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ գործող «Այնճար արթ կալըրի» ցուցասրահը ստեղծուած է քաջալերելու համար այնճարցի եւ ընդհանրապէս մուսալեռցի արուեստագէտները`  անոնց տրամադրելով հանրութեան ներկայանալու  եւ իրենց ստեղծագործական աշխատանքները վաճառելու բարենպաստ միջավայր մը:

Արուեստի գործեր մնայուն կերպով ցուցադրելու բոլոր յարմարութիւններով օժտուած ցուցասրահը կը հետապնդէ բարեսիրական նպատակ. անոր գործունէութենէն ապահովուած շահոյթը ցուցասրահի սեփականատէրերուն կողմէ պիտի տրամադրուի Այնճարի կրթական հաստատութիւններուն` իւրաքանչիւրին աշակերտներու թիւին համեմատ:

Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ բացուած եւ մնայուն կերպով գործող այս ցուցասրահը գիւղի արուեստասէրներուն եւ արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ այցելուներուն համար փնտռուած վայր մը ըլլալու առաջադրանքով հանդէս  կու գայ:

Ցուցասրահին բացումը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Ներկայութեամբ  հիմնադիր բարերարներուն, Այնճարի քաղաքապետութեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու եւ արուստասէր հոծ բազմութեան:

Ստորեւ ընթերցողին կը ներկայացնենք բացման հանդիսութեան ամփոփուած խօսքը, որ կը պատկանի արուեստագիտութեան դոկտ. Մովսէս Ծիրանի Հերկելեանի:

«Ուրախալի եւ յատկանշական օր մըն է այս մէկը, որովհետեւ ճամբայ ելած է արուեստի կեդրոն մը, որ պիտի դառնայ Այնճարի տեսարժան վայրերէն մէկը: Սակայն, խօսքս սկսելէ առաջ, կ՛ուզեմ անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնել Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ամէն տարի Մուսա Լերան օրուան առիթով ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ գնահատելու համար մուսալեռցի արուեստագէտներ, եւ բնաւ պատահական չէ, որ այսօր բացումը տեղի կ՛ունենայ այս գեղեցիկ ցուցասրահին` գործակցութեամբ Համազգայինին,  եւ ըստ երեւոյթին, այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի: Նախ ըսեմ, որ այս ցուցասրահը, ինչպէս ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրը, Զէյթլեան ընտանիքին նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ իրագործուած եւ միջազգային չափանիշերով ծրագրաւորուած է:

Միւսալեռցին ճանչցուած է իբրեւ մարտունակ ժողովուրդ:

Մուսալեռցիին մարտունակութիւնը ստեղծուած է իր ստեղծագործ մտքին, իր պատիւին, իր հայրենիքին պաշտպանութեան համար: Ընկեր մը ունիմ, Վահան Դանոյեան, այնճարցիի զաւակ, որ երբ Հայաստանի մէջ տուն կը կառուցէր,  ճարտարապետին ըսաւ, որ «Ես տանս մէջ կ՛ուզեմ զինադարան, յետոյ գրադարան, յետոյ պատեր եւ անկիւններ` նկարի եւ քանդակի համար»: Ինչո՞ւ նաեւ զինադարան, մեր բոլորին հայրերը, ինչպէս իմ հայրս, ինչպէս ձեր հայրերը մեզի կտակած են, որ տուն շինելէ առաջ պէտք է զէնք ունենաս, ընտանիք կազմելէ առաջ պէտք է զէնք ունենաս, որ կարենաս պաշտպանել: Մեր պատմութեան 2000 տարիներէ ի վեր մեր լեռներուն վրայ սորված ենք, որ ինքնապաշտպանութիւնը կարեւոր է, եւ մենք, շնորհիւ ատոր, կրցած ենք պաշտպանել, բայց ի՞նչ պաշտպանած ենք: Մենք պաշտպանած ենք ցեղային աւանդութիւնները եւ ստեղծագործ միտքը, որովհետեւ առանց մշակոյթի ազգ գոյութիւն չունի: Ազգը մշակոյթ է, եթէ հանենք մշակոյթը, մենք կը դառնանք անդիմագիծ հաւաքականութիւն, եւ ձուլումը շատ աւելի արագ տեղի կ՛ունենայ: Եւ փաստը այն է, որ մենք հպարտ ենք մեր հերոսներով, նկատի առէք, որ վերջին տասնամեակներուն երեք զինեալ պայքար տեղի ունեցաւ ազգային գետնի վրայ, եւ անոնց առաջին նահատակները եղան այնճարցիները:

Մուսալեռցին նաեւ աշխարհին տուած է գիտնականներ, տուած է ազգային գործիչներ, տուած է հոգեւոր հայրեր, տուած է մտաւորականներ, գրողներ, երաժիշտներ: Այդ բոլորին կողքին տուած է արուեստագէտներ այսինքն` նկարիչներ, քանդակագործներ:

Մեր տաղանդները շատ են:

Արուեստագէտի մը համար երեք  բան անհրաժեշտ է: Առաջին` ի վերուստ իրեն տրուած շնորհը, երկրորդ` իր միջավայրը, որ կրնայ իր ուսումը ըլլալ, երրորդ` տքնաջան աշխատանքը: Անշուշտ այսօր կրթութիւնը այնքան ալ դժուար չէ ստանալ, որովհետեւ համացանց գոյութիւն ունի: Համացանցը, կը շեշտեմ, որովհետեւ արուեստագէտ ըլլալը դիւրին չէ: Արուեստագէտը պէտք է անպայման անդադար աշխատի: Օրինակ` Փօլ Կիրակոսեանը մինչեւ իր մահը ինքնազարգացման կը դիմէր, եւ եթէ շարունակենք, ես կը կարծեմ, մենք ճակատաբաց կրնանք աշխարհին ներկայանալ ո՛չ միայն իբրեւ հերոս ժողովուրդ, այլ նաեւ որպէս բարձր ստեղծագործ միտք ունեցող ժողովուրդ:

Ես խօսքս պիտի աւարտեմ եւ պիտի շեշտեմ, որ այս ցուցասրահը  շահաբեր ցուցասրահ է Այնճարի եւ Այնճարի տաղանդաւոր զաւակներուն համար:

Այսօր յատկապէս կը շնորհաւորեմ  Այնճարի արուեստագէտները, որոնց գործերը հոս ցուցադրուելու մնայուն հնարաւորութիւնը ունին: