Փաշինեան Փութինի Հետ Արծարծած Է Սուրիահայութեան Ապահովութեան Հարցը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան կը շարունակէ հետեւիլ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ տակաւին  մարդասիրական առաքելութիւն կը կատարէ այնտեղ։ Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ հարցով Սոչիի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, Փաշինեան գրած է. «Ուրախ եմ արձանագրելու, որ Սուրիոյ հարցով Սոչիի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները անդրադարձ ունին նաեւ այն հարցերուն, որոնք կ՝առնչուին Սուրիոյ հայութեան անվտանգութեան հարցերուն եւ որոնց վերաբերեալ քննարկումներ ունեցած էի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ասիկա կ՝ընդգծէ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ռազմավարական-դաշնակցային բնոյթը: Մենք կը շարունակենք հետեւիլ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, կը շարունակենք մեր մարդասիրական առաքելութիւնը եւ մեր աջակցութիւնը քաղաքացիական բնակչութեան»: