Մինչ Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Լիբանանի Կառավարութիւնը Վաւերացուց Տնտեսական Բարեկարգումներու Փաստաթուղթը

Աշխարհ

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լիբանանցիները դարձեալ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի շրջաններուն մէջ իրենց հաւաքավայրերը` պահանջելով ներկայ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ իշխանութեան պետերուն հրաժարականը:

Ցոյցերը մնացին իրենց խաղաղ ընթացքով, սակայն անոնք ժողովուրդին արտայայտած ցաւին կողքին վերածուեցան փառատօնային բնոյթ ունեցող հաւաքոյթներու, որոնց ընթացքին երգը, պարն ու կերուխումը անպակաս մնացին:

Երէկուան պարագային սակայն տարբերութիւնը այն էր, որ առաւօտեան կանուխ ժամերէն ցուցարարները փակեցին մեծ թիւով ճամբաներ, ինչ որ արգելք հանդիսացաւ նաեւ ցուցարարներուն փոխադրութեան:

Հինգերորդ օրն ըլլալով բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Մեթնի, Թրիփոլիի, Հալպայի, Սուրի, Նապաթիէի, Ալէյի, Շուֆի, Պաալպեքի, Զահլէի, Արսալի, Զուքի եւ էշրեֆիէի մէջ:

Հակառակ երկրին մէջ տիրող կացութեան, կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Վարչապետ Հարիրի առաւօտեան ժամը 10:30-ին հասաւ Պաապտա, ուր դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ ցուցարարներուն պահանջները:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ փողոցին մէջ արտայայտուածը ժողովուրդին ցաւն է` աւելցնելով, որ փտածութեամբ ամբաստանելը ընդհանրացնելու քայլին մէջ կայ անիրաւութիւն:

«Այս պատճառով ալ նուազագոյն բարեկարգումը, որով պէտք է սկսինք, նախարարներուն դրամատուներու հաշիւներու գաղտնիութեան վերացումն է` ներկայ եւ ապագայ նախարարներուն պարագային», ըսաւ ան:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը որդեգրեց տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու միտումով պատրաստուած արմատական բարեկարգումներ, ինչպէս նաեւ վաւերացուց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի մշակած 2020-ի պետական ամավարկը, որ տուրքեր չէր պարունակեր, իսկ նախագահ Աուն ստորագրեց այդ ամավարկը եւ զայն ուղարկեց խորհրդարան:

Կառավարութիւնը որոշեց, որ լիբանանեան դրամատնային համակարգն ու Կեդրոնական դրամատունը իրենց ներդրումը ունենան 5100 միլիառ լ. ոսկիի նիւթական բացը նուազեցնելու, ինչպէս նաեւ յաւելեալ տուրքեր պարտադրեց դրամատուներու շահերուն վրայ:

Կառավարութիւնը որոշեց ներկայ եւ նախկին նախագահներուն, նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն ամսական աշխատավարձերը 50 առ հարիւրով նուազեցնել, հարաւային Լիբանանի եւ գաղթականներու յատուկ սնտուկներուն, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին տրամադրուած պիւտճէները 70 առ հարիւրով նուազեցնել, պետութենէն իւրացուած գումարները վերստանձնելու յատուկ օրէնք մշակել, մինչեւ տարեվերջ մշակել փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդ մը հիմնելու օրէնքը, մինչեւ տարեվերջ վաւերացնել ծերութեան ապահովագրութեան օրէնքը, 20 միլիառ լ. ոսկի յատկացնել ծայր աստիճան աղքատ ընտանիքներու, 160 միլիոն տոլար` բնակարանային վարկերու տուչութիւնը վերսկսելու, ելեկտրականութեան մարզին պատճառած նիւթական բացը հազար միլիառ լ. ոսկիով նուազեցնել, ելեկտրականութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան մարզերու կազմակերպական խորհուրդ յառաջացնել, նոր ելեկտրակայաններ հիմնել չորս ամսուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն ընթացքին վաւերացնել «Սետր»-ի խորհրդաժողովի Ա. փուլին համաձայն ծրագիրները, որոնց գումարն է 11 միլիառ տոլար:

Նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան այս որոշումները չէին տրուեր եւ միջոցառումները չէին որդեգրուեր, եթէ լիբանանցի երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, որոնք պետութեան հսկայ առիթներ տուած են` պահանջատիրական իրենց կանչը չարձակէին: «Անոնք յուսալքումի սեմին հասնելէ ետք ուղղուեցան փողոց, ուր արտայայտեցին իրենց բարկութիւնը եւ պոռթկացուցին բողոքի ցոյցը: Փողոցին մէջ ձեր կատարածը քանդեց բոլոր արգելքները եւ ցնցեց բոլոր կուսակցութիւններն ու քաղաքական հոսանքները: Ձեր փշրած կարեւորագոյն արգելքը եղաւ համայնքային կոյր նուիրումը, ինչպէս նաեւ կրցաք լիբանանեան ինքնութիւնը վերադարձնել իր ճշգրիտ տեղը», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ 0,6 առ հարիւրի նիւթական բացով պետական ամավարկի վաւերացումը մեծագոյն նուաճումն է, որ մեզի առիթ կու տայ երկրին տնտեսական ու ելեւմտական կացութիւնները բարելաւելու:

Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքական իր առաքելութեան նպատակն է ժողովուրդին արժանապատուութիւնը երաշխաւորել` աւելցնելով, որ ժողովուրդին արժանապատուութեան հիմքը անհատին արժանապատուութիւնն է, որ կու գայ անոր աշխատանք եւ բժշկութիւն, ինչպէս նաեւ տարբեր ծառայութիւններ ապահովելու կարեւորութենէն:

«Այս որոշումները կրնան ձեր պահանջները չիրականացնել, սակայն անոնք հաստատ կերպով կ՛իրագործեն այն, ինչ որ երկու տարիէ ի վեր կը պահանջեմ: Այս որոշումները սակարկութեան նպատակով չեն տրուած, իսկ բողոքի ցոյցերը կասեցնելու որոշումը դուք է, որ պիտի տաք, եւ պիտի չարտօնեմ ձեզի դէմ սպառնալիքներն ու ձեզ երկիւղի մատնելու փորձերը», յայտնեց ան:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած բոլոր ծրագիրները կը գոհացնեն «Սետր»-ի վեհաժողովը:

Ժողովուրդը մերժեց դուրս գալ փողոցներէն եւ մինչեւ ուշ գիշեր շարունակեց բողոքի իր ցոյցը Ռիատ Սոլհ, Նահատակաց եւ Սեսինի հրապարակներուն վրայ, Ժալ Էլ Տիպի եւ Զուքի մայրուղիներուն վրայ, Սուրի մէջ եւ Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ` կառչած մնալով իր պահանջներուն:

Ցուցարարներու նկատառելի թիւ մը ուղղուեցաւ Համրա եւ Կեդրոնական դրամատան դիմաց կատարեց բողոքի ցոյց մը` մերժելով կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական բարեկարգումի փաստաթուղթը:

Գիշերուան ժամը 10:30-ին Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ գտնուող բազմութեան թիւը գրեթէ կրկնապատկուեցաւ, իսկ ցոյցը շարունակուեցաւ մինչեւ կէս գիշեր:

Երեկոյեան բանակը եւ Ներքին ապահովութեան ուժերը փորձեցին վերաբանալ ճամբաները: Անոնք յաջողեցան վերաբանալ Ղազիէ եւ Սայտայի մայրուղին, ինչպէս նաեւ Զահրանի-Սաֆատի մայրուղին: Անոնք ձախողեցան վերաբանալ Զուքի եւ Շեւրոլէյի մայրուղիները:

Երկրին մէջ տիրող կացութեան լոյսին տակ Դրամատուներու միութիւնը որոշեց դրամատուներուն դռները փակ պահել նաեւ այսօր` սպասելով երկրին սովորական կացութեան վերահաստատումին:

Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղարութիւնը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ուղղափառ դպրոցները որոշեցին վաղը եւս  փակ պահել իրենց դպրոցները:

Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ դպրոցներու փակումի հարցը կը ձգէ դպրոցներու տնօրէններուն հայեցողութեան:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք շեշտեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող մանկամսուրները պէտք է փակ մնան:

Նշենք նաեւ, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը ցուցարարներուն, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կոչ ուղղեց հիւանդներուն, ինչպէս նաեւ դեղորայքի եւ բժշկական խնամքի կարիք ունեցող քաղաքացիներուն դիմաց ճամբաները բանալու, որպէսզի անոնք ստանան պէտք եղած բուժումը:

Վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս իր կարգին կոչ ուղղեց ցուցարարներուն ճամբաները բանալու վառելանիւթի սիթեռններուն դիմաց, որպէսզի անոնք կարենան պէտք եղած մազութն ու պենզինը ապահովել ելեկտրածին շարժակներուն, որոնք քաղաքացիներուն ելեկտրականութիւն կը հայթայթեն, ինչպէս նաեւ փուռերուն, հիւանդանոցներուն, Կարմիր խաչին, հրշէջներուն եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն:

Միւս կողմէ, ալրաղացները նախանցեալ երեկոյեան տարբեր փուռերու փոխադրակառքերով ալիւր հասցուցին, որպէսզի քաղաքացիները կարենան հացի իրենց բաժինը ապահովել:

“Ազդակ”