Շարլ Ազնաւուրին Նուիրուած Երեկոյ Յունաստանի Մէջ
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ մշակութային բաժանմունքի կազմակերպութեամբ, այս տարի եւս կը կազմակերպուի «Իոնիքէս Եորթէս» փառատօնը, ուր Շաբաթ՝ 14 Սեպտեմբեր 2019-ին, Նէա Զմիռնիի «Ալսոս» պուրակէն ներս, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նուիրուած պիտի ըլլայ համբաւաւոր երգահան Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:
Բացման խօսք՝ ընկ. Սամուէլ Սամուէլեան
Ազնաւուրի եւ այլ հայկական երգեր պիտի մեկնաբանեն՝
Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած 
կիթառահարուհի Էլէնա/Երեւան,
ընկերակցութեամբ՝ Շանթ Դանիէլեանի — ջութակ 
եւ Սարգիս Ադամեանի — երգեհոն
Ասմունքով պիտի մասնակցի 
դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան:
Կը հրաւիրուին մեր հայրենակիցները յարգելու համար Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը:
Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբ
Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի
քարոզչական յանձնախումբ
