Շարլ Ազնաւուրին Նուիրուած Երեկոյ Յունաստանի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ մշա­կու­թա­յին բա­ժան­մուն­քի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, այս տա­րի եւս կը կազ­մա­կեր­պո­ւի «Իո­նի­քէս Եոր­թէս» փա­ռա­տօ­նը, ուր Շա­բաթ՝ 14 Սեպ­տեմ­բեր 2019-ինՆէա Զ­միռ­նիի «Ալ­սոս» պու­րա­կէն ներս, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:30-ին, նուիրուած պի­տի ըլ­լայ համ­բա­ւա­ւոր եր­գա­հան Շարլ Ազ­նա­ւու­րի յի­շա­տա­կին:

Բացման խօսք՝ ընկ. Սամուէլ Սամուէլեան

Ազ­նա­ւու­րի եւ այլ հայ­կա­կան եր­գեր պի­տի մեկ­նա­բա­նեն՝
Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած 
կի­թա­ռա­հա­րու­հի Է­լէ­նա/Ե­րե­ւան,
ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ Շանթ Դա­նիէ­լեա­նի — ջու­թակ 
եւ Սար­գիս Ա­դա­մեա­նի — եր­գե­հոն
Աս­մուն­քով պի­տի մաս­նակ­ցի 
դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան:

Կը հրա­ւի­րո­ւին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը յար­գե­լու հա­մար Շարլ Ազ­նա­ւու­րի յի­շա­տա­կը:

Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. Միու­թեան Ֆիք­սի «Դ­րօ» խումբ
Հ.Յ.Դ. Ֆիք­սի «Ա­րամ Մա­նու­կեան» Կո­մի­տէի
քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խու­մբ