Հայ-թրքական Սահմանը Ապօրինի Հատած Փաքիստանի Քաղաքացիներ Ձերբակալուած են

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատած երկու անձ ձերբակալած են: Ըստ «Արմենփրես»-ի`  ծառայութեան ընթացքին սահմանապահ հերթափոխը Թուրքիոյ տարածքին նկատած է երկու անյայտ անձ, որոնք փորձած են լողալով անցնիլ Արաքս գետը:

Քանի մը ժամ անց անյայտ անձիք հատած են պետական սահմանը եւ փորձած թաքնուիլ Հայաստանի տարածքին մէջ: Ռուս սահմանապահները հետապնդած են սահմանախախտները եւ ձերբակալած:  Ձերբակալման ընթացքին սահմանախախտները փորձած են դիմադրել, սակայն սահմանապահները կրցած են չէզոքացնել զանոնք:

Հարցաքննութենէ ետք պարզ դարձած է, որ սահմանախախտները Փաքիստանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ են:

Օրէնսդրական կարգի համաձայն` սահմանախախտները փոխանցուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն, որոնք պիտի պարզեն անոնց հայ-թրքական սահմանը խախտելու  նպատակները: