
ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Այցելեց Թիֆլիսի Սբ. Էջմիածին Եկեղեցի
Վրաստան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, 2019 Յուլիս 24-ին, այցելեց Վիրահայոց թեմի Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի: Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի եւ Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի ընկերակցութեամբ՝ նախարար Մնացականեան եւ պատուիրակութեան անդամները մոմեր վառեցին հայոց հինաւուրց տաճարին մէջ, ծաղիկներ խոնարհեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի արձանին եւ Հայոց Ցեղասպանանութեան զոհերու յիշատակի խաչքարին:
«Հայարտուն» նստավայրին մէջ՝ ՀՀ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահի կարճատեւ զրոյցէն ետք՝ հիւրերը տեղափոխուեցան դահլիճ, ուր կայացաւ հանդիպում վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Տէրունական աղօթքէն ետք՝ նախարար Զոհրապ Մնացականեան արձանագրեց ՀՀ եւ Վրաստանի արդի միջպետական յարաբերութիւնները, որոնք կ՝ընթանան փոխադարձ յարգանքի եւ փոխըմբռնման սկզբունքներով, ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւնները եւ մարտահրաւէրները, Արցախի խնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղենիշը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը, անդրադարձաւ վիրահայ պատմական համայնքի դերին ու նշանակութեան Հայաստանի եւ Վրաստանի բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, կարեւոր համարեց ժամանակակից իրականութեան մէջ համայնքային կառոյցներու գործունէութիւնը մայրենի լեզուով կրթութեան, լրատուամիջոցներու, թատերական արուեստի եւ մշակոյթի զարգացման, ազգային աւանդոյթները պահպանելու ուղղութեամբ, Վրաստանի իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերուող օժանդակութիւնը, ընդգծեց երկրի պետական լեզուի տիրապետման անհրաժեշտութիւնը:
Այնուհետեւ, ներկաներուն կողմէ հարց ու պատասխանի ձեւաչափով բարձրացուեցան Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման, Վրաստանի մէջ հայոց եկեղեցիներու իրաւական կարգավիճակի, Եկեղեցական յարաբերութիւններու, դեսպանութեան շէնքի հարցերը, համայնքային համակարգի վերափոխման, երիտասարդներու գործունէութեան աշխուժացումը, հայ-վրացական զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած միտումները:
Հանդիպումը ընթացաւ հետաքրքրական եւ բովանդակալից:
ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԴԻՒԱՆ