2011-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Սուրիական Պատուիրակութիւն Մը ԱՄՆ Կը Մեկնի

Աշխարհ

Երեքշաբթի, 16 Յուլիս 2019-ին,  2011-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, սուրիական պատուիրակութիւն մը Նիւ Եորք կը մեկնի՝ մաս կազմելու մնայուն բարգաւաճման միջազգային խորհրդարանական պաշտօնական խորհրդաժողովի մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով սուրիական «Շամ Թայմզ» կայքը։

Պատուիրակութեան այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ Օմանի արտաքին գործոց նախարարին Դամասկոս այցելութենէն քանի մը օր ետք: Այս առիթով Սուրիոյ Խորհրդարանի Սփիւռքի եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի նախագահ Պութրոս Մըրճանէ «Ալ Ուաթան» թերթի թղթակիցին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն շուրջ 7 ամիս առաջ մերժած էր պատուիրակութեան ԱՄՆ մուտքի արտօնագիր տալ: